Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` Ռուսիան այս անգամ տագնապը դադրեցնելու համար պէտք է երկխօսութեան սկսի ոչ թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ 30 սեպտեմբերին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է երկխօսութիւն տեղի ունենայ հակամարտող կողմերուն միջեւ, ինչպէս եղաւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն:
«Այն ժամանակ կը կռուէր Արցախը Ազրպէյճանին դէմ, եւ Ռուսիան ի վիճակի էր համոզելու Ազրպէյճանին եւ խնդրելու Հայաստանէն` զինադադարի առումով: Այսօր պէտք է խօսի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ, չեմ գիտեր` ինչքանո՞վ պատրաստ է ռուսական իշխանութիւնը` խօսելու Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ», ըսաւ Յարութիւնեան:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ պատերազմը պիտի աւարտի Ազրպէյճանի պարտութեամբ, իսկ հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան անոր համար:
Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան անդրադարձաւ պատերազմի ընթացքին եւ զինուորական բարձր ոգիին: Նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ. «…Որովհետեւ հերոսական ժողովուրդ, հերոսական երիտասարդութիւն ունինք, որոնք կեանքի գինով պատրաստ են պաշտպանելու հայրենի հողը:
Որովհետեւ ունինք 18 տարեկան երիտասարդ, որ արդէն իսկ յաջողած է խոցել հակառակորդին 9 զրահային մեքենայ եւ այսօր կը շարունակէ իր ծառայութիւնը մեր երկրին, մեր հայրենիքին:
Որովհետեւ արցախեան գոյապայքարին մասնակից ունինք, արցախեան առաջին պատերազմին մասնակից, ապրիլեան պատերազմին մասնակից, մեր մարտական ընկերները, որոնք երկու օրուան ընթացքին յաջողած են հակառակորդէն երեք պատերազմական մեքենայ գրաւել, ու այսօր օգտագործել` հակառակորդին դէմ:
Որովհետեւ ունինք հայրենակից մը, որ նռնակները վերցնելով նետուած է հակառակորդին` թշնամիին խրամատը, իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործած է, վնաս հասցուցած է հակառակորդին, եւ վերջը ինքզինք պայթեցուցած է թշնամիներուն հետ միասին:
Որովհետեւ ունինք հայրենակից մը, որ ժամերու ընթացքին ձգած է իր եւրոպական հաճելի կեանքը, իր մեծ ունեցուածքը, եւ այսօր առաջնագիծին վրայ է:
Որովհետեւ մենք այլ երկիրներէ վարձկաններ չենք փնտռեր, եւ նոյն այդ վարձկանները ժամանակի ընթացքին մեր գլուխին պատուհաս չենք դարձներ:
Եւ կ՛ուզեմ յայտարարել. Արցախը իր պատմութեան ընթացքին, երբեք չէ գրաւուած եւ երբե՛ք ալ պիտի չգրաւուի»: