Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Դէմ Յարձակողական Գործողութեան Օդային Ղեկավարումը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Ռազմաօդային Ուժերը. Հայկական Զօրքերը Հերոսաբար Ետ Կը Մղեն Թշնամիին Գրոհները

Հոկտեմբեր 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 30 սեպտեմբերին շարունակուած են յամառ մարտերը, որոնց ընթացքին հայկական զօրքերը հերոսաբար ետ մղած են թշնամիի բաւական փոփոխուած մարտավարութեամբ կատարած գրոհները, ռազմական գործողութիւնները տարբեր հատուածներու մէջ:

Ըստ անոր, շուրջ 23-24 ժամուան ընթացքին հակառակորդը իր յարձակողական տապալած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք կրած է որոշակի կորուստներ, մասնաւորապէս` 130 մահացած զինուորներ, մօտ 200 վիրաւորներ: Հայկական զինուած ուժերը խոցած են 29 հրասայլ եւ զրահամեքենայ, երեք ծանր հրանետային համակարգ, որ յայտնի է ՏՕՍ անունով, մէկ «Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի կայանք, 11 անօդաչու թռչող սարք:

Հայկական կողմը շատ լաւ գիտէ` Ազրպէյճանի ռազմաօդային ուժերուն մէջ ի՛նչ կործանիչներ կան, նաեւ` որ այդ կործանիչները իրենց առաջադրուած խնդիրները չեն կրնար կատարել` ինչպէս պէտք է, ատոր համար ալ Թուրքիոյ «Էֆ.-16»-երը Արցախի վերեւ են: «Փաստը հերքողներուն անակնկալներ կը սպասուին` ռատիոարհեստագիտական հետախուզական ապացոյցներով», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով թրքական կործանիչներու ներգրաւման:

Ան շեշտեց, որ «Էֆ.-16»-երը տարուած էին Ազրպէյճան, օրեր առաջ կատարեցին հետախուզական թռիչքներ, մարտավարական լուծումներ:

Հայկական կողմը պատրաստ է միջազգային փորձագէտներուն տրամադրելու ապացոյցները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան եւս անդրադարձաւ այդ հարցին` նշելով, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական գործողութեան օդային ղեկավարումը յանձնեց Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն:

Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան անդրադարձաւ բանակի կատարած հերոսական արարքներուն` դիտել տալով, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն թիրախաւորել քաղաքացիական բնակավայրերը: Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք Մարտակերտի մէջ 3 քաղաքացիներ զոհուած են:

Միւս կողմէ, քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց` արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծէն եւ հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ դուրս բերելու վարձկաններն ու ահաբեկիչները:

 

Պրիւքսելի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները 1-2 հոկտեմբերին կայանալիք վեհաժողովին երրորդ երկիրներուն կոչ պիտի ուղղեն` չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:

Դիւանագէտը նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան առաջնորդները կոչ պիտի ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, «քանի որ իրավիճակը ծայր աստիճան մտահոգիչ է»:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ գուժեց իր անդամներէն Գրիգոր Ղազարեանի հերոսական նահատակութիւնը` խորին ցաւակցութիւն յայտնելով անոր հարազատներուն եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը` Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսելու Մասին. «Ռուսիան Այսօր Պէտք Է Խօսի Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայկական Տեղեկատուական Առաւելութիւններ` Աշխարհաքաղաքական Նախադրեալներով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?