Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարը Հրաժարեցաւ. Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Նոյեմբեր 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 16 նոյեմբերին 17 ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու խորհուրդին կազմակերպութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որ սկիզբ առաւ Երեւանի փողոցներով կատարուած երթով:

Ցուցարարները հրապարակէն` Մաշտոցի պողոտայով ուղղուեցան դէպի գլխաւոր դատախազութիւն, իսկ հոնկէ` արտաքին գործոց նախարարութիւն:

17 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն` Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին սկսելու:

Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ «Երկիր Մետիա»  պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական եւ լրատուական ծրագիրներու տնօրէն, ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան, որ ըսաւ, թէ երբ հրապարակուեցաւ Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնը, բնական մարդը երկու ուղի ունէր` արցունքը աչքերուն ըսէր` ժողովուրդ, չկրցայ, բայց կը խոստանամ բան մը ընել:

«Երկրորդ ուղին արժանապատուութեան գագաթնակէտն է. իշխանութիւնները անընդհատ կ՛ըսէին Կարսի ամրոցը յանձնեցին ու ատիկա պիտի չկրկնուի, այն ալ ինչպէ՜ս կրկնուեցաւ, աւելի վատը եղաւ, որովհետեւ Կարսի ամրոցը յանձնելէ ետք գնդապետ Մազմանեանը, ինչպէս վայել է արժանապատիւ մարդուն, ատրճանակը քունքին ուղղեց, իսկ մեր երկրի վարչապետը ժպտալով կը խօսէր այդ օրը», յայտնեց ան:

Անկէ ետք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ճամբու քարտէսը, որուն մէջ հիմնական է բացառել Արցախի ամրագրումը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու յաջորդ հանրահաւաքը 18 նոյեմբերին է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հրաժարականի դիմում ներկայացուց: Այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան:

«Մեծարգո՛յ պարոն վարչապետ, խնդրում եմ ընդունել իմ հրաժարականը: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում վստահութեան եւ համատեղ աշխատանքի համար» գրեց Մնացականեան:

Նշենք, որ Ազգային ժողովին մէջ «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք է, որ արտաքին գործոց նախարարը աշխատանքէ արձակելու որոշում տուաւ:

16 նոյեմբերին ազատամարտիկ, «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեան ազատ արձակուեցաւ եւ ան ուղղուեցաւ Ազատութեան հրապարակ` միանալու Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքի մասնակիցներուն:

Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ մահափորձ նախապատրաստելու մեղադրանքով ձերբակալուածներէն էր նաեւ Աշոտ Մինասեան:

Ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ, 14 նոյեմբերէն Արցախ վերադարձան 725 անձեր, որոնք աւելի կանուխ լքած էին իրենց բնակավայրերը մարտական գործողութիւններուն պատճառով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի հաստատումով, 17 նոյեմբերին, ժամը 10:00-էն սկսեալ Ստեփանակերտ-Բերձոր-Գորիս մայրուղին պիտի գործէ անվտանգ կերպով: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ըստ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, առնուազն մինչեւ 25 նոյեմբեր ասոր զուգահեռ պիտի գործէ նաեւ Մարտակերտ-Քարվաճառ-Վարդենիս մայրուղին:

16 նոյեմբերին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան սրտի կաթուած ունեցած է եւ փոխադրուած Երեւան: Աւելի ուշ, «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ, թէեւ սրբազանը առողջական խնդիրներ ունեցած է, սակայն արդէն անոր առողջական վիճակը կայուն է:

16 նոյեմբերին խորհրդարանի պատգամաւորներու հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմը կանխարգիլելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է համաձայնէր տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւին:

«2020-ի ամրան մեր գնահատականը այն եղած է, որ մենք կրնանք բաւական յաջող դիմակայել Ազրպէյճանին, մենք հասկցած ենք, որ կան վտանգներ Թուրքիոյ եւ ահաբեկիչներու կողմէ պատերազմին ներգրաւուելու: Պատերազմի կանխարգիլման համար Հայաստանը պէտք է համաձայնէր տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւին եւ, ինչպէս քանի մը անգամ ըսած եմ, այն առանձնայատկութեամբ, որ այն կէտին վրայ, երբ Հայաստանի համար որեւէ տարբերակ ընդունելի ըլլար, յաջորդ կէտին Ազրպէյճանը իր դիրքորոշումը աւելի կը կարծրացնէր: Պատերազմի կանխարգիլումը միշտ ալ եղած է Հայաստանի օրակարգին վրայ, բայց երբեք չէ եղած պատերազմի կանխարգիլում ամէն գնով եւ ամէն ինչի գնով», ըսաւ Փաշինեան:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեանը Ներկայացուց «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» Ճամբու Քարտէսը. «Պէտք Է Բացառել Արցախի Ամրագրումը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ»

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կոչ Ուղղեց Վարչապետի Հրաժարականին Եւ Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններու Կայացման

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?