Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեանը Ներկայացուց «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» Ճամբու Քարտէսը. «Պէտք Է Բացառել Արցախի Ամրագրումը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ»

November 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ հրապարակեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ճամբու քարտէսը 17 կուսակցութիւններու քաղաքական խորհուրդին նախաձեռնած հանրահաւաքին ընթացքին, Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ճգնաժամային վիճակէն երկիրը դուրս բերելու քայլերը հետեւեալն են.

«Զինադադարի հաստատման եռակողմ յայտարարութիւնը անընդունելի, բայց կայացած փաստ է, իսկ ստեղծուած պայմաններում Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերի տեղակայումը` անհրաժեշտութիւն: Մենք այդ փաստաթուղթը գնահատում ենք որպէս ժողովրդի թիկունքում կնքուած յանձնուողական ստորացուցիչ պայմանագիր:

Սակայն ամէն ինչ աւարտուած չէ. անհրաժեշտ է դիւանագիտական ճանապարհով, բանակցութիւնների միջոցով` ո՛չ թէ պատերազմի, փորձել ստեղծուած իրավիճակում մեր զիջումները հասցնել նուազագոյնի:

Առաջին հերթին պէտք է յառաջիկայ բանակցութիւններում բացառել Արցախի ամրագրումը Ազրպէյճանի կազմում եւ հասնել Արցախի անկախութեանը:

Դրա համար մեզ անհրաժեշտ է բանակցող. այս ձախողած, ստախօս, անյաջողակ մարդը այլեւս ի վիճակի չէ պաշտպանել հայ ժողովրդի շահերը: Այս մարդը չի կարող հայ ժողովրդին ներկայացնել միջազգային բեմերում: Ինքը այլեւս ի վիճակի չէ բանակցութիւններ վարել, նրան զանգում եւ ասում են` ինչ անի: Ինքը մեզանից խլել է մեր արժանապատուութիւնը, ինքնասիրութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ, նա խոչընդոտ է մեր նպատակների իրականացման ճանապարհին:

Նիկոլ Փաշինեանի հեռացմանը հասնելու օրինական ճանապարհները երկուսն են. առաջինը` որ Նիկոլ Փաշինեանը հասկանար ու հրաժարական տար, այդ ճանապարհից ինքը հրաժարուել է, երկրորդ` անյապաղ Ազգային ժողովը պէտք է հրաւիրի արտահերթ նիստ երկու օրակարգով` ռազմական դրութեան վերացում եւ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնանկութիւն:

Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումից յետոյ Ազգային ժողովը պէտք է ընտրի վարչապետ` ժողովրդի կողմից վստահելի, մասնագէտ մարդկանցով ձեւաւորի Ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն:

Ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւնը լուծելու է 3 խնդիր.

առաջին` հնարաւորինս վերատեսութեան ենթարկել զինադադարի յայտարարութեամբ նախատեսուած համաձայնութիւնները եւ նուազագոյնի հասցնել մեր կորուստները,

երկրորդ` արտահերթ քայլեր ձեռնարկել պատերազմի հետեւանքով առաջացած մարդասիրական, անվտանգային, ընկերային-տնտեսական, առողջապահական, տնտեսական բոլոր հիմնախնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, այսինքն, յետպատերազմեան այս ծանր հետեւանքներով պէտք է զբաղուի եւ վերացնի, որովհետեւ այսօրուայ կառավարութիւնը` այս անմեղսունակների, անգրագէտների կառավարութիւնը սա ի վիճակի չէ անելու,

երրորդ` սեղմ ժամկէտներում կազմակերպի ազատ, արդար, հաւասար պայմաններով խորհրդարանական ընտրութիւններ, որի արդիւնքում մեր ժողովուրդը կը ձեւաւորի նոր իշխանութիւն»:

Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարեց, որ այս է այն իրաւական ճամբան, որ մենք բոլորս` ուս-ուսի տուած պէտք է կազմակերպենք եւ հասնինք անոր:

«Անցնող երկուսուկէս տարուայ ընթացքում Հայաստանի իշխանութիւնը զաւթած խմբակը ամէն ինչ արեց մեր ազգային դիմադրողականութիւնը թուլացնելու համար` պառակտելով հայ ժողովրդին, պայքարելով մեր եկեղեցու, մեր պատմութեան, մեր ազգային արժէքների դէմ, դրանով հետեւողականօրէն թուլացնելով մեր ազգային դիմադրողականութիւնը», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Ան նշեց, որ այս իշխանութիւնը նաեւ քայքայիչ գործունէութիւն իրականացուց բանակին մէջ. ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վերաբերող յանձնախումբին աշխատանքը անոր վառ ապացոյցն էր:

Ան հետեւողականօրէն պառակտեց եւ վարկաբեկեց բանակի հրամանատարները, զինուորները: Այդ գործը վստահուած էր «Անդրանիկ Քոչարեան» անունով ծերունի աւազակին, որ հետեւողականօրէն վարկաբեկեց Հայաստանի բանակը, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան ընդգծեց, որ երկրի վարչապետը արցախեան հարցին վերաբերեալ չէ ունեցած որեւէ հայեցակարգ:

 

 

 

Նախորդը

17 Կուսակցութիւններու Քաղաքական Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Վերացնելու Ռազմական Դրութիւնը

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարը Հրաժարեցաւ. Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Ցոյցերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.