Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմադիր Քաղաքական Կուսակցութիւնները Մոմավառութեամբ Կը Յարգեն Պատերազմի Նահատակներուն Յիշատակը

Նոյեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իշխանութիւնները Ընդդիմախօսներուն Դէմ
Յաւելեալ Բռնաճնշումներու Կը Դիմեն

14 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայրենիքի համար նահատակուած հերոսներու  յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւն:

Մոմավառութիւնը կազմակերպած էին խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 17 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Հազարաւոր քաղաքացիներ վառած մոմերը դրին Ազատութեան հրապարակի աստիճաններուն վրայ եւ երթով ուղղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր տեղի ունեցաւ լռութեան եւ խոնարհումի ոգեկոչման արարողութիւն:

Միւս կողմէ 17 կուսակցութիւններու քաղաքական խորհուրդը յայտարարեց, որ 16 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի ստեղծուած իրավիճակի գնահատականը եւ հետագայ գործողութիւններու ճամբու քարտէսը:

Երէկ ուշ երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Դիմատետրի իր էջով գրած է.

«Առաջնագծի զինուորների տասնեակ տեսանիւթեր դիտեցի այսօր: Ապշած եմ տղաների խորագիտութիւնից:

Տղերք` դուք ճիշդ էք: Սպասում եմ ձեզ Երեւանում: Վերջնականօրէն լուծելու պատերի տակ վնգստացողների (խղճալի ձայնով կաղկանձողներ, «Ա.») հարցերը:

Հպարտ եմ ձեզանով»:

Նշեալ գրառումը աղմուկ բարձրացուց Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ եւ մանաւանդ իշխող «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան ու Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան շարքերուն մէջ: Տեղի ունեցաւ հրաժարականներու ներկայացում:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը տեղեկացնէ, թէ «յանցագործութեան նախապատրաստութեան փուլին մէջ կանխած է խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ պետական գործիչի սպանութեան, բռնութիւն գործադրելու միջոցով Հայաստանի կառավարութեան լիազօրութիւններուն տիրանալու», ինչպէս նաեւ բացայայտած է «խումբ մը անձերու կողմէ այդ նպատակով ապօրինի ձեւով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու, պահելու դէպքեր:

Ըստ ԱԱԾ-ին, «յիշատակուած յանցաւոր արարքները կատարելու մէջ անմիջականօրէն ծագած կասկածանքի հիման վրայ ձերբակալուած են  շարք մը անձեր, այդ կարգին` «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Ա. Վ.-ն (Արթուր Վանեցեան), Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վ. Բ.-ն (Վահրամ Բաղդասարեան), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ Ա. Ա.-ն (Աշոտ Աւագեան), ինչպէս նաեւ Սիսիանի կամաւորականներու ջոկատի հրամանատար Ա. Մ.-ն (Աշոտ Մինասեան):

Նշենք, որ ձերբակալութենէն մէկ օր ետք` կիրակի, 15 նոյեմբերին Արթուր Վանեցեան ազատ արձակուած է:

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին առջեւ, անդրադառնալով «իշխանութեան իւրացման եւ մահափորձի նախապատրաստման» գործով ձերբակալուածներու հարցին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանը հերթական բեմագրութիւնը կատարած է, ասիկա ցնորք է, չի կրնար նման բան ըլլալ, ասիկա հերթական քայլն է ընդդիմադիրները բռնաճնշելու:

«Նիկոլ Փաշինեան իր բազմաթիւ մեղքերուն վրայ կ՛աւելացնէ նոր մեղքեր: Մեր պայքարը կը շարունակուի, պէտք է ամբողջ հայ ժողովուրդը ձերբակալէ, այլ տարբերակ չկայ… Կը վստահեցնեմ, որ մենք իրաւական-սահմանադրական ճամբով պիտի հասնինք Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին, եւ ատիկա իշխանութեան համար պայքար չէ, ատիկա անհրաժեշտ է մեր հայրենիքը փրկելու համար», նշեց Սաղաթէլեան:

Իսկ իր կարգին, նոյն վայրին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան խօսքը ուղղելով դատարանին ըսաւ. «Երբ դաւաճան իշխանութեան որեւէ հրահանգ կը դառնայ  ապօրինի, կը դառնայ անտրամաբանական, հետեւաբար` յարգարժան դատարան եւ դատաւորներ, վե՛ր կանգնեցէք նման ճնշումներէ, կատարեցէ՛ք ազգին առջեւ ձեր պարտականութիւնը, կատարեցէ՛ք այդ պարտականութիւնը սրբազնօրէն, որովհետեւ վաղը ազգը ձեզ պիտի գնահատէ` դուք կանգնեցաք դաւաճանի՞, թէ՞ ազգի կողքին»:

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքների պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 13 նոյեմբերին ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերի պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Արցախ հասած է Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ միասին:

Բեգլարեան ներկայացուցած է 27 սեպտեմբերէն 9 նոյեմբեր արձանագրուած` Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւնները եւ ազրպէյճանական յարձակումի ընթացքին  իրականացուած փաստահաւաք առաքելութեան արդիւնքները:

Արձանագրուած փաստերը աւելի քան բաւարար էին միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան համար` համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու եւ Ազրպէյճանի յանցաւոր վարքագիծը պատշաճօրէն դատապարտելու եւ կանխելու համար:

Իր կարգին, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս ընդգծած է, որ երկար տարիներ շարունակ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին միշտ  բարձրաձայնած է միջազգային հարթակներուն վրայ, իսկ պատերազմի ընթացքին կոչ ուղղած շահագրգիռ կառոյցներուն` գործնական քայլերով ապահովելու արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Պարոնուհին շեշտադրած է, որ կ՛աջակցի Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարին իր իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն համար, եւ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել առկայ կարիքներու ու տագնապին վրայ:

Պատասխանելով հիւրերու հարցումներուն` Արտակ Բեգլարեան անդրադարձած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին եւ մատնանշած միջազգային աջակցութեան այն ուղղութիւնները, որոնք կարեւոր են առկայ ծանր իրավիճակը յաղթահարելու համար:

Դադիվանքն արդէն կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ եւ անոր որեւէ վտանգ չի սպառնար: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան:

«Ներկայիս վանքին մէջ կան քանի մը եկեղեցականներ, որոնք պիտի շարունակեն սրբավայրին մէջ մատուցել իրենց աստուածպաշտութիւնը եւ կանոնաւոր կերպով իրականացնել արարողութիւնները», գրած է Վահրամ քհնյ. Մելիքեան:

Նախորդը

17 Կուսակցութիւններու Քաղաքական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Մինսքի Խմբակը Պատրաստ Է Մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Յարատեւ Խաղաղութեան Հաստատման» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?