Գլխաւոր լուրեր

Գեղամ Մանուկեան. «Նիկոլ Փաշինեանը Մեծ  Թիւրիմացութեան Մէջ Է, Երբ Կ՛ըսէ, Թէ Իր Հրաժարականին  Շուրջ Հանրային Պահանջ Չկայ»

Գեղամ Մանուկեան. «Նիկոլ Փաշինեանը Մեծ Թիւրիմացութեան Մէջ Է, Երբ Կ՛ըսէ, Թէ Իր Հրաժարականին Շուրջ Հանրային Պահանջ Չկայ»

«Այս 4 օրերուն ինծի համար նոր բացայայտումներ եղան. մարդոց մեծամասնութիւնը կը հասկնայ, կ՛ողջունէ, կ՛ըսեն` մի՛ ընէք, ինք չ՛արժեր, որ ձեր առողջութիւնը վտանգուի»: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ վարչապետի հրաժարականին պահանջով հացադուլ յայտարարած ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան: «Ամէն մէկը կը հասկնայ իրավիճակը, կը հասկնան անոր լուծումը, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ: Ամէն մէկը իւրովի այդ պահանջը...

Միանալով Խորհրդարանին.  Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունեց Արցախի  Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Անհրաժեշտութեան  Մասին Բանաձեւի Նախագիծը

Միանալով Խորհրդարանին. Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունեց Արցախի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 թեր, 1 դէմ եւ 30 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը: Ծերակոյտի գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը զօրակցեցան բանաձեւին: Ֆրանսացի ծերակուտականները Ծերակոյտի նախագահի յայտարարութիւնը ընդունեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով: Ծերակոյտը բանաձեւով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններու գործիք դարձնելու կայուն խաղաղութեան հաստատման համար: Ծերակուտականները բանաձեւով նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն կը խնդրեն զանգուածային...

Քարվաճառը Ամբողջութեամբ  Յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին

Քարվաճառը Ամբողջութեամբ Յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին

Այսուհետեւ Արցախի Ելեւմուտքը Պիտի Կատարուի Միայն Բերձոր-Ստեփանակերտ Մայրուղիով 9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան հետեւանքով երէկ` 25 նոյեմբերին, Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին: Այսպիսով, հայկական զօրքերու շարասիւնը դուրս եկած է Քարվաճառէն` վերջին անգամ ըլլալով լուսանկարուելով եւ հրաժեշտ տալով: Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ,...

Հացադուլը Կը Շարունակուի.  Անոր Միացած Է Նահատակ  Անդրանիկ Կիրակոսեանի Մայրը

Հացադուլը Կը Շարունակուի. Անոր Միացած Է Նահատակ Անդրանիկ Կիրակոսեանի Մայրը

Կառավարութեան շէնքին առջեւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հացադուլ կատարող գործիչներէն Գեղամ Մանուկեան Դիմատետրի իր էջին վրայ երէկ գրեց, որ հացադուլին միանալու որոշում տուաւ նաեւ 2008-ին նահատակուած զինուոր Անդրանիկ Կիրակոսեանի մայրը` Անահիտ Կիրակոսեան: «Ցաւով կը տեղեկացնեմ, որ հակառակ մեր բոլոր յորդորներուն, հացադուլին միանալու որոշում տուած է նաեւ 2008-ին նահատակուած Անդրանիկ Կիրակոսեանի մայրը` Անահիտ Կիրակոսեան: Ան  անդրդուելի էր: Միայն պայմանաւորուեցանք, որ կը...

Նախարար Արա Այվազեան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Նախարար Արա Այվազեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, թէ 25 նոյեմբերին արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) հետ: Նախարար Այվազեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ հրադադարի հաստատման եւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման կարեւորութիւնը: Նախարարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները անդրադարձան Արցախի մէջ ստեղծուած...

Պաապտայի Մէջ.  «Իրաւական Հաշուեքննութեան Թղթածրարը Պէտք Է Շարունակուի, Եւ Հաշուեքննութիւնը Պէտք Է  Պարփակէ Պետական Բոլոր Հաստատութիւնները»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պաապտայի Մէջ. «Իրաւական Հաշուեքննութեան Թղթածրարը Պէտք Է Շարունակուի, Եւ Հաշուեքննութիւնը Պէտք Է Պարփակէ Պետական Բոլոր Հաստատութիւնները» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք անպայման հանրապետութեան նախագահին այցելութիւն մը կու տայ, երբ երկրէն պիտի մեկնի: Ան աւելցուց, որ ինք պիտի ուղղուի Վատիկան` հանդիպում ունենալու համար Ֆրանչիսկոս պապին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք...

Դաշնակցական Երիտասարդներ Քաղաքացիական  Պայմանագիր Կուսակցութեան Գրասենեակին  Առջեւ Կոչ Ուղղեցին Միանալու Ժողովուրդին

Դաշնակցական Երիտասարդներ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Գրասենեակին Առջեւ Կոչ Ուղղեցին Միանալու Ժողովուրդին

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան նիստին երթով ՔՊ-ի կեդրոնական գրասենեակին առջեւ համախմբուեցան դաշնակցական երիտասարդները եւ ՔՊ-ի անդամներուն կոչ ուղղեցին` միանալու Արցախը յանձնելու դաւադիր պայմանագիրին դէմ բողոքող քաղաքացիներուն: «Կոչ կ՛ուղղենք ընելու ձեր քայլը եւ գալու, միանալու բողոքող ժողովուրդին: Կա՛մ կը կանգնիք պետականութեան կողքին, կա՛մ դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանի կողքին: Արդէն փաստ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը այդ խայտառակ պայմանագիրով դաւաճանեց ամբողջ ժողովուրդին: Դուք...

Գեղամ Մանուկեան. «Փաշինեանի Հեռանալը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է  Հայաստանի Եւ Արցախի Համար»

Գեղամ Մանուկեան. «Փաշինեանի Հեռանալը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է Հայաստանի Եւ Արցախի Համար»

Բոլոր ձեւերը կիրարկելի են, որովհետեւ վայրկեան առաջ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը կենսական անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի եւ Արցախի համար, եւ նախ եւ առաջ, որպէսզի վերականգնուի պետական համակարգի գործունէութիւնը: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան` անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ ընտրած է հացադուլի մեթոտը, ձեւը, արդեօք Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու պայքարի այլ ձեւ...

Երեսփոխան Բագրատունի Ռահմէի Հետ  Քննարկեց Ներքին Լիբանանեան Հարցեր

Երեսփոխան Բագրատունի Ռահմէի Հետ Քննարկեց Ներքին Լիբանանեան Հարցեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թատամոն կուսակցութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Ռահմէ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ պատմական հողերը պաշտպանելու անոր իրաւունքին: Ռահմէ դատապարտեց այն համաձայնագիրները, որոնք կը ստորագրուին երկիրներու հաշուոյն` իրենց շահերուն համար գործող մեծ պետութիւններու որոշումներուն եւ կեցուածքներուն համաձայն:...

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք  Կը Նախատեսուի Յայտարարել  Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք Կը Նախատեսուի Յայտարարել Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2020-ին, «Արմէնփրես»-ի տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ: Նիստին զեկուցուեցան միջինարեւելեան եւ Եւրոպայի տարածաշրջաններու առցանց ժողովներուն ընթացքին քննարկուած հարցերուն եւ հնչած առաջարկներուն մասին: Արցախեան պատերազմի պատճառով առկախուած էր Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց ժողովը: Ժողովը որոշեց տարածաշրջանային այս երրորդ առցանց ժողովը գումարել 10 դեկտեմբերին,...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Տեսակցութեան աւարտին Ազգային իշխանութեանց անունով հետեւեալ յուշագիրը յանձնուեցաւ: Մեծայա՛րգ Պրն. Նիկոլ Փաշինեան Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծայա՛րգ պրն. վարչապետ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեանց անունով, ցաւով կ՛արձանագրենք, որ ձեր կողմէ նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրով, դուք ո՛չ...

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով`  Գարիկ Աւետիսեան Եւ Գեղամ Մանուկեան  Անժամկէտ Հացադուլի Սկսան

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով` Գարիկ Աւետիսեան Եւ Գեղամ Մանուկեան Անժամկէտ Հացադուլի Սկսան

ՀՅԴ-ի անդամներ Գարիկ Աւետիսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ անժամկէտ հացադուլի սկսան` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով: Գ. Աւետիսեան վերջին պատերազմի առաջին 10 օրը մարտական գործողութիւններու մասնակցեցաւ Մատաղիսի ուղղութեամբ: Ան հացադուլը կը նկատէ տանելի միջոց մեր երկրի ապագան փրկելու համար: Գ. Աւետիսեան կ՛ըսէ. «Ես ոչ թէ հացադուլը կը նկատեմ երկրորդական վտանգ, վտանգը լուրջ է, բայց...

Հայաստանի Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է  Արցախի Նախագահին Հետ

Հայաստանի Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է Արցախի Նախագահին Հետ

Անցեալ շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նստավայրին մէջ հիւրընկալած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Փաշինեան ողջունելով Արցախի նախագահը, նշած է. «Մենք իրարու հետ բաւական ծանր ժամանակներ ապրեցանք, ծանր որոշումներ տուինք եւ հիմա, ինչպէս պայմանաւորուած ենք, պէտք է կեդրոնացնենք ուժերը Արցախի մէջ բնականոն կեանքը վերականգնելու, մեր հայրենակիցներուն վերադարձը...

«Պահպանել Միասնականութիւնը».   Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը`  Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակի Արարողութեան

«Պահպանել Միասնականութիւնը». Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը` Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակի Արարողութեան

Կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութիւնը: Յիշատակի արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը` Աննա Յակոբեան, պետական պաշտօնեաներ, զինուորականներ, հոգեւորականներ եւ ժողովուրդ: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութեան ընթացքին իր պատգամին մէջ ըսած...

Երեսփոխան Բագրատունի Ծաղկեպսակ  Զետեղեց Փիեռ Ժեմայէլի Յուշարձանին

Երեսփոխան Բագրատունի Ծաղկեպսակ Զետեղեց Փիեռ Ժեմայէլի Յուշարձանին

Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց Լիբանանի անկախութեան կերտիչ Փիեռ Ժեմայէլի յուշարձանին, Պիքֆայա: Ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ գնդապետ Մարուան Ֆատել, Պիքֆայա-Մհայտսէի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայէլ, Սաքիաթ Մըսք-Պհըրսաֆի քաղաքապետ Միշել Նասըր, գերապայծառ Փիեռ Նահրի եւ շրջանի...

«Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները  Հերոսներ Են ու Նահատակներ»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են ու Նահատակներ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն: Արդարեւ, կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ...

Խմբագրական.  Փրկութեան Կառավարութիւն` Գերիշխանութեան Համար (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութիւն` Գերիշխանութեան Համար (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւններու սահմանափակումի որոշումները, բացի համավարակին հետ կապուած հանգամանքներէն, անկախութեան խորհուրդի մշուշապատման  իրականութիւնը կը յուշեն: Անկախութիւնը գերիշխան որոշումներու կայացման պետական գործիքակազմ կ՛ենթադրէ. առ այսօր Լիբանանի քաղաքական երկնակամարին վրայ չ՛երեւիր ինքնիշխան որոշումներու բնական ընթացքը: Կը թուէր, որ համավարակի եւ պայթումի ամէնէն ծանրակշիռ հետեւանքները յաղթահարելու համար Լիբանանի քաղաքական կողմերը շտապ կարգով անսային փրկութեան կառավարութեան կողմերու առաջադրանքի կոչերուն: Իրավիճակի ծանրակշռութեան տարողութիւնը կ՛ընդգծէր...

ՀՅԴ ՀԵՄ. «Մեզ Լռեցնելը Անկարելի Է»

ՀՅԴ ՀԵՄ. «Մեզ Լռեցնելը Անկարելի Է»

Իշխանութիւնը Բռնի Ուժ Կը Կիրարկէ Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ընդդիմախօսներուն Նկատմամբ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբերին իրականացած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին բերման ենթարկուած խաղաղ ցուցարարներուն թիւը Երեւանի մէջ հասաւ 85-ի, իսկ Գիւմրիի մէջ` 8-ի: Այս մասին «Երկիր»-ին կը տեղեկացնեն Ոստիկանութեան լրատուութեան ծառայութենէն: Յիշեցնենք, որ արդէն երկրորդ օրն է` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները Երեւանի տարբեր վարչական շրջաններուն...

Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Մտան Աղտամ

Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Մտան Աղտամ

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը երէկ մտած են Լեռնային Ղարաբաղի Աղտամի շրջան: Զինուորական մեքենաները, սարքերը մտած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշներով: Ըստ հրադադարի համաձայնագիրի պայմաններուն, Աղտամի շրջանը կ՛անցնի ազրպէյճանական կողմի վերահսկողութեան տակ: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է զօրքերու տեղաշարժին մասին: Շարասիւնին մէջ կ՛երեւէին Թ-72 հրասայլեր, ՊԹՌ-82 զրահափոխադրիչներ, ՊՄՓ-3 հետեւակի մարտական մեքենաներ: Միւս կողմէ, ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ...

Դաւիթ Տօնոյեանը` Հրաժարած.  Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակուած Է Վաղարշակ Յարութիւնեան

Դաւիթ Տօնոյեանը` Հրաժարած. Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակուած Է Վաղարշակ Յարութիւնեան

Երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբերին իր հրաժարականը ներկայացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր Վաղարշակ Յարութիւնեանը պաշտպանութեան նախարար նշանակելու մասին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է, թէ հրաժարած է իր պաշտօնէն:  

Page 402 of 797 1 … 401 402 403 … 797

Արխիւներ