ԳԱԱ-ի Պատմութեան Հիմնարկը Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Գործունէութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆգ Աշոտ Մելքոնեան Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին յանձնեց «Ազդակ-ի տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին ուղղուած «Շնորհակալագիր»` ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին հետ տարիներ շարունակ պատմագիտական եւ քաղաքագիտութեան մարզին մէջ «Ազդակ»-ի իրականացուցած գիտաքարոզչական արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Share This Article