Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Մենք .Կը Կորսնցնենք Մեր Ինքնավստահութիւնն Ու Միւս Ժողովուրդներուն Յարգանքը»

Յունուար 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սարսափելի ու ամօթալի վիճակ է, եւ դառնութիւնը այն է, որ այս վիճակէն կարելի էր խուսափիլ», լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:

«Ատիկա միայն պատերազմով չսկսաւ, այլ երկուքուկէս տարի առաջ` փաստօրէն օգտուելով ժողովուրդի ցանկութիւններէն: Ի հարկէ, ժողովուրդը կ՛ուզէր ապրիլ արդար երկրի մէջ, ու չկայ փտածութիւն, ուր իշխանաւորները համեստ են, անկէ օգտուելով խումբ մը մարդիկ զաւթեցին իշխանութիւնը եւ սկսան երկիրը տանիլ լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ` զրկելով մեզ ազգային արժէքներէ, կամաց-կամաց քանդելով բանակը, եւ վերջը հասաւ պատերազմը, ուր մենք խայտառակ պարտութիւն կրեցինք եւ հիմա կը ճաշակենք այդ պարտութիւնը, եւ անիկա դեռ չէ վերջացած… Շատ մարդիկ կորսնցուցին իրենց հաւատքը երկրին ապագային նկատմամբ եւ կ՛ուզեն դուրս գալ, ատիկա գաղտնիք չէ, եւ եթէ այս «Քորոնա» ժահրը չըլլար, մեծ թափով արտագաղթ պիտի ըլլար: Արտագաղթը կանխելու համար այս երկիրը պէտք է դառնայ օրինական երկիր, ուր իսկապէս չըլլայ փտածութիւն, ըլլայ տնտեսապէս զարգացող պետութիւն: Մենք պէտք է կարենանք սփիւռքի հետ ստեղծել նոր տեսլական, որովհետեւ մարդիկ եթէ կը տեսնեն, որ յառաջիկայի  տեսլական մը կայ, որ կարելի է իրականացնել, իրենք պիտի համաձայնին քանի մը տարի ալ զուսպ ապրիլ», յայտնեց ան:

Ըստ Մանուկեանի, Փաշինեան իշխանութեան եկաւ «նարնջագոյն յեղափոխութեան» իբրեւ արդիւնք եւ ապացուցեց, որ ինք ոչ ձեռնհաս առաջնորդ է: Ղարաբաղի մարտերուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետը լաւ չէր հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուի ճակատին վրայ, թէեւ կարելիութիւն ունէր կանխելու պատերազմը կամ վարելու զայն այնպէս, որ պահպանէր իր հիմնական դիրքերը:

Ան դիտել տուաւ, որ 1992-1994 տարիներուն, ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ժամանակ, երբ մենք յաղթեցինք Ազրպէյճանին, մեզի օգնեց այն, որ այդ երկիրը կը գլխաւորէր Ապուլֆեզ Էլչիպէյ: «Այդ ժամանակ «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ը դեռ չկար, բայց ան անձնաւորութիւն մըն էր, որ հաւատարիմ էր այդպիսի տեսակէտներու: Հիմա Ազրպէյճանը  օգտուած է այն փաստէն, որ մենք ունինք մեր Էլչիպէյը», աւելցուց Մանուկեան:

Ան այն կարծիքին է, որ եթէ Սերժ Սարգսեանը մնար իշխանութեան գլուխ, պատերազմը պարզապէս չէր սկսեր: Փաշինեանը, ըստ Մանուկեանի, տապալած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացը, կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ, որոնցմէ հետեւցուցած է, որ Ղարաբաղի խնդիրը տարածքային վէճ է եւ ոչ թէ ազգի ինքնորոշման հարց, եւ թոյլ տուած է Ազրպէյճանին` գալու այն եզրակացութեան, որ կրնայ պատերազմի սկսիլ:

Իշխանութեան գալու պարագային Մանուկեան իր առաջնահերթութիւնները նկատեց պետական անվտանգութեան վերականգնումը` բանակի հզօրացման եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, ինչպէս նաեւ ներքին անվտանգութեան ամրապնդման միջոցով:

 

 

Նախորդը

Արա Այվազեան. «Արցախի Կարգավիճակը Եղած Եւ Կը Մնայ Տագնապի Լուծման Ամէնէն Կարեւոր Սկզբունքը»

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Աշխատանքներուն, Սկզբունքներուն Մէջ Որեւէ Բան Չէ Փոխուած»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?