«Մենք ընդհանրապէս իր որեւէ այցելութենէ դրական ակնկալիք չունինք, որովհետեւ անցնող ժամանակահատուածը ցոյց տուած է, որ իր բոլոր որոշումները, հանդիպումները, քայլերն ու գործողութիւնները չեն բխիր մեր պետութեան եւ ժողովուրդի շահերէն», «Երեւան Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան եւ նոր համաձայնութիւններուն:
Նշենք, որ քաղաքացիները, վարչապետի Մոսկուա այցելութիւնը վտանգաւոր նկատելով, երէկ առաւօտեան փորձած էին փակել օդակայան տանող ճամբան, սակայն անոնցմէ առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ու ոստիկանութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները փակած էին ճամբան, այդ պատճառով Փաշինեանը յաջողեցաւ երթալ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այնուամենայնիւ, երբ փորձ կը կատարուի փակել վարչապետի ճամբան, այդ գործողութիւնները յաջողութեամբ չեն պսակուիր, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց.
«Ատիկա խումբ մը քաղաքացիներու նախաձեռնութիւնը եղած է, որուն նաեւ մասնակցութիւն ունեցած են շարժումի բազմաթիւ անդամներ: Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, առաւօտեան ժամը 6:00-էն բոլոր ներքին զօրքերը, ԱԱԾ 10-րդ վարչութիւնը, մեծ թիւով ոստիկաններ բոլոր ճամբաները փակած էին եւ քաղաքացիներուն թոյլ չէին տուած մօտենալ, եւ ըստ էութեան այդ մարդը երկրի տարածքին, արդէն նոյնիսկ Երեւանի մէջ կը շարժի ներքին զօրքերու, ոստիկանութեան, ԱԱԾ-ի ուղեկցութեամբ: Ինք մշտապէս, քանի տաւաւին կառչած է այդ աթոռին, մեր երկրին մէջ ազատ շարժելու իրաւունք պիտի չունենայ»:
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան հասցէին հնչող մեղադրանքներուն, որ պէտք է աւելի առարկայական եւ արդիւնաւէտ քայլեր առնուին Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին հասնելու համար, Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ միասին պէտք է հասնինք յաջողութեան, որովհետեւ այլ տարբերակ չկայ:
«Իրավիճակը ճիշդ եւ ամբողջական պէտք է հասկնալ, երբ կ՛ըսեն վճռական քայլեր չէք կատարեր, կ՛ուզեմ հասկնալ` վճռական քայլեր ըսելով ի՞նչ նկատի ունին: Այսօր հիմնական կոչերը քաղաքացիներէն այն է, որ գացէ՛ք, գրաւեցէ՛ք եւ այլն, որովհետեւ դաւաճան է: Մենք այդ ճամբան չենք ընտրած, որովհետեւ մեր գլխաւոր նպատակը զինք հեռացնելն ու այս երկիրը փրկելն է, իսկ մեր գործողութիւններուն մէջ վճռականութեան պակաս չէ եղած: Հիմա, որ կ՛ըսէք` կոչ ուղղած ենք փակելու կառավարութեան շէնքը, ատիկա հիմա վճռակա՞ն էր, թէ՞ վճռական չէր, այսինքն` եթէ քաղաքացիներէն ոմանք տունը կը նստին եւ կոչ կ՛ուղղեն, կամ կը փորձեն շարժումը տկարացնել` ըսելով, թէ վճռական չէք, պէտք է աշխուժ մասնակցութիւն ունենան, որպէսզի պայքարը ամբողջականօրէն յաջողի: Ամէն պարագայի, կը վստահեցնեմ, որ մենք շատ հետեւողական, յամառ, աննահանջ պայքարի շնորհիւ միասին պէտք է հասնինք յաջողութեան, որովհետեւ այլ տարբերակ չկայ: Ես նաեւ կը հասկնամ մեր քաղաքացիներու զայրոյթը եւ ամբողջութեամբ կը կիսեմ այս զայրոյթը, որ վայրկեան առաջ պէտք է հեռացնել, ու մենք այդ մասին ըսած ենք տակաւին երկու ամիս առաջ, բայց փաստը այն է, որ այս մարդը կառչած է աթոռին եւ չի գիտակցիր, որ իրաւամբ իրեն չպատկանող աթոռէն կառչած կրնայ շարունակել պաշտօնավարել»: