Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երկիրը Պիտի Յայտնուի Ընկերային-Տնտեսական Անկումի Մէջ, Որ Մարդասիրական Աղէտի Պիտի Առաջնորդէ»

Յունուար 14, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուայի հանդիպումէն հիմնականին մէջ երկու ուղղութեամբ ակնկալիքներ կային, սակայն արձանագրուած է զերօ ձեռքբերում: Այս մասին «Նիւզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան:

«Առաջին հարցը, որ պէտք է լուծէր Հայաստանի վարչապետը, ռազմագերիներու  հարցն էր, որ ինչպէս գիտէք, չլուծեց: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար երկրորդ շատ կարեւոր խնդիրը Արցախի կարգավիճակի հարցի բարձրաձայնումն էր, այդ մասով եւս որեւէ յառաջընթաց եւ յաջողութիւն չունինք: Ասուլիսի ժամանակ կմկմալով ինչ որ ձեւով Փաշինեանը խօսեցաւ կարգավիճակի մասին, ինչ որ, բնականաբար բաւարար չէր: Այս հանդիպումէն ակնկալուող երկու հիմնական հարցերու մասով մենք ունինք զերօ ձեռքբերում», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Դաշնակցական գործիչին տեղեկութիւններով` ստորագրուած յայտարարութեան 4 կէտերէն բացի կը նախատեսուէր նաեւ 5-րդը, որ կը վերաբերէր ռազմագերիներուն, բայց անիկա դուրս մնացած է փաստաթուղթէն. «Որովհետեւ մենք բազմիցս ըսած ենք` ծունկի եկած, պարտուած, անկարող ղեկավարը ի վիճակի չէ պաշտպանելու մեր պետութեան եւ ժողովուրդին շահերը, այս է խնդիրը: Եթէ մենք Ազրպէյճանի մէջ ռազմագերիներ ունինք, եւ այդ հարցով որեւէ յառաջընթաց տեղի չ՛ունենար, անկէ ետք ինք ինչո՞ւ որեւէ փաստաթուղթ կը ստորագրէ Ալիեւի հետ, պէտք է դուրս գար այդ հանդիպումէն, բայց քանի որ չունինք այդ ղեկավարը, ինք անկարող է, դաւաճանական ընթացքի մէջ է, պիտի շարունակուի այսպէս: Պետութեան շահերը պաշտպանող անձ մենք չունինք»:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, եթէ Հայաստանը ներկայացնէր այլ անձ մը, ապա ռազմագերիներու եւ այլ հարցերու մէջ ձեռբքերումներ պիտի ունենայինք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս յայտարարութեան հետ որեւէ յոյս չե՞ն կապեր, որ, օրինակ, անիկա տնտեսութեան խթան է եւ դրական արդիւնքներ պիտի ըլլան, Սաղաթէլեան արձագանգեց. «Բացարձակ: Տեսէք, թուրքերը իրենց լաւագոյն երազին մէջ չէին կրնար մտածել, որ կրնան ունենալ այն, ինչ որ ունին: Այս չարիքի կառավարութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի անմիջական գործունէութեան շնորհիւ անոնք այսօր ունին 5+2 շրջանները, ինչ որ անոնց առաւելագոյն երազանքն էր, հիմա անոնց գումարած Շուշի, Հատրութ, Թալիշ, Մատաղիս, խայտառակ յայտարարութիւնը կնքելէ ետք` Խծաբերդ, Նոր թաղեր, Սոթքի մէջ զիջումներ, Շուռնուխի կէսը, Որոտանէն 30 հեկտար, զիջեցաւ շատ կարեւոր նշանակութեան Զանգելանի, Կուբաթլուի դիրքերը: Այսօր Կապանի օդակայանը, ըստ էութեան ազրպէյճանցիներուն հսկողութեան տակ է, Գորիս-Կապան ճամբան անոնց հսկողութեան տակ է, այդ մարդու գործունէութեան շնորհիւ այդքան տալէ ետք կանգնիլ ինչ որ բան հիմնաւորել, տնտեսական զարգացումներու մասին խօսիլ` ծիծաղելի է»:

Իշխան Սաղաթէլեանը զգուշացուց, որ երկիրը պիտի յայտնուի ընկերային-տնտեսական անկումի առջեւ, ինչ որ պիտի առաջնորդէ մարդասիրական աղէտի:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է Հայ Գերիներու Հարցը

Յաջորդը

Տինքի Սպանութեան Գործի Ծիրին Մէջ Թրքական Կիսազինուորական Ոստիկանութեան Նախկին Սպայ Մը Ձերբակալուած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?