Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Վանաձորցիներուն Հետ

January 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 16 յունուարին Վանաձորի «Լոռի» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներու հանդիպումը վանաձորցիներուն հետ: Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու հետագայ  ընելիքները:

Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով:

Այս կառավարութեան, յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանի մէկ օր աւելի  իշխանութեան վրայ մնալը կորուստ է մեր երկրին եւ պետութեան համար. իր խօսքին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան:

«Այս մարդը կառչած է աթոռին եւ հետեւողականօրէն մեր երկիրը կը տանի կործանման», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենք ներկայացուցած են ճամբու քարտէս եւ առաջարկած են, որ նախ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տայ, անցումային կառավարութիւն ձեւաւորուի եւ լուծէ կարեւոր խնդիրներ: Լուծուելիք խնդիրներէն առաջնայինները ան նկատեց հասարակական համերաշխութեան տիրելը եւ թշնամանքին վերջ դնելը: «Այսօր մեր երկիրը անտէր է, կը տեսնենք, որ թուրքը յայտնուած է Վարդենիսի մէջ, մեր երկրի պաշտպանութիւնը վտանգուած է», ըսաւ  ան եւ նշեց, որ պէտք է նաեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուին  ռազմավարական դաշնակիցներուն, բարեկամներուն հետ:

Այդ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ արհեստավարժներու կառավարութիւն, պէտք է իրենց գործին գիտակ մարդիկը համախմբել, որ երկիրը դուրս բերեն այս իրավիճակէն:

Ժամանակաւոր կառավարութիւնը նախ պէտք է երկրին մէջ հաստատէ  հասարակական համերաշխութիւն, կայունութիւն, վերջ դնէ թշնամանքին, ատելութեան: Ապա արագ ձեռնամուխ ըլլայ մեր հայրենիքի սահմաններու  պաշտպանութեան, անվտանգութեան:

Ժամանակաւոր կառավարութիւնը, ըստ անոր, շատ արագ պէտք է կարգաւորէ մեր յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակիցներուն հետ. ատիկա այսօր անհրաժեշտ է, պետք է ունենանք կայուն համագործակցութիւն մեր բարեկամ երկիրներուն հետ:

«Պետական կառոյցի քայքայումը պէտք է կանխել, մեր երկրին կը սպասէ ընկերային-տնտեսական աղէտ», ըսաւ ան եւ ներկայացուց միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը:

Վանաձորի քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը ըսաւ. «Ես կը նկատեմ ապացուցուած, որ պատերազմը կարելի էր կանխել, եթէ մեր բանակը պատրաստ ըլլար, մեր ամուր դիրքերը պիտի կարենայինք պահել»:

Ան նշեց, որ նոյնիսկ այդ աննպաստ պայմաններուն մէջ, եթէ յիմար հրամաններ չըլլային, կարգ ու կանոն ըլլար, այդ կորուստները չէինք ունենար: «Երբ քանի մը օր անց ռազմական ընթացքը վատ վիճակի մէջ էր, մենք կրնայինք պատերազմը կանգնեցնել աւելի շուտ` քիչ կորուստներով: Ապացուցուած կը նկատեմ, որը Շուշին ոչ թէ գրաւած են ազրպէյճանցիները, այլ տուած են մերինները, դաւաճանութեա՞ն, թէ՞ յիմարութեան պատճառով, ատիկա այլ հարց է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով եռակողմանի յայտարարութեան` ան կործանարար խայտառակութիւն նկատեց ատիկա մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար:

Նախորդը

Ինքնաշարժներով Երթ Երեւանի Մէջ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Յաջորդը

Ելքը Բանականութեան Եւ Կամքի Կիրարկումն Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.