11 յունուարին Նիկոլ Փաշինեանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին յաջորդած յայտարարութիւնը կ՛անտեսէ հայկական կողմին կարիքները եւ կը խորացնէ անվտանգութեան վերաբերեալ անորոշութիւնը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ եռակողմանի հանդիպման արդիւնքին վերաբերեալ, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի փաստաթուղթի 8-րդ կէտի` հայ ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու վերադարձի խնդիրին ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չարձանագրեց: Թէեւ հայկական կողմը համաձայն գտնուեցաւ իրականացնել նոյն փաստաթուղթի 9-րդ կէտը: Այս ամէնը աւելի մտահոգիչ է` նկատի ունենալով այն փաստը, որ հանդիպումէն առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրապարակաւ յայտարարած էր, որ ռազմագերիներու հարցը առաջնային է Հայաստանի կառավարութեան համար, եւ որ առանց այդ հարցին մէջ էական յառաջընթացի, չափազանց դժուար պիտի ըլլայ քննարկել որեւէ տնտեսական օրակարգ:
Այնուամենայնիւ, Հայաստանի վարչապետը ստորագրեց յայտարարութիւն մը, որով կը նախատեսուի Հայաստանի տարածքով Թուրքիա-Նախիջեւան-Ազրպէյճան նոր փոխադրական կապ ստեղծել` այդպիսով դռներ բանալով Էրտողանի օսմանեան համաթուրանական օրակարգի իրականացման համար: Անոր «դիմաց» Հայաստանը, որ արդէն Վրաստանի տարածքով կապուղի ունի Ռուսիոյ հետ, եւ ուղիղ, բաց սահման` Իրանի հետ, Ազրպէյճանի տարածքով կը ստանայ պարտադրուած առեւտրական ճամբայ դէպի այս երկու երկիրները` երկաթուղային կապով:
Նկատի ունենալով Ազրպէյճանի մէջ պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեացութիւնը, որ կը թիրախաւորէ նոյնիսկ երեխաները, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ հայերուն նկատմամբ ընդամէնը երկու ամիս առաջ կատարած դաժան ռազմական յանցագործութիւնները, այսօր ալ շարունակուող հայ ռազմագերիներու խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու թշնամական հռետորաբանութիւնը, այս փուլին առեւտրական ուղիներու պարտադրումը բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնէ Հայաստանի աւելի լայն անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան տեսանկիւնէն:
Հայաստանը թերեւս տագնապի միակ կողմն է, որ ո՛չ միայն կատարած, այլեւ գերակատարած է 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի փաստաթուղթով ամրագրուած իր պարտաւորութիւնները: Այսպիսով`
. վերոյիշեալ փաստաթուղթի առաջին պարբերութեան մէջ կը նշուի, որ կողմերը «պէտք է մնան իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ»: Սակայն, Արցախի քանի մը հայկական գիւղեր փոխանցուեցան Ազրպէյճանին` հակառակ անոր որ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը չէին յաջողած անոնց նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատել:
. Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սկսաւ հապճեպ եւ խիստ վտանգաւոր սահմանազատման գործընթաց` վտանգելով առանցքային ենթակառուցուածքները (օրինակ` Կապան քաղաքի օդակայանը): Անիկա նաեւ յանգեցուց հայ գիւղացիի անշարժ գոյքի զգալի կորուստի եւ անվտանգութեան լուրջ խնդիրներ ստեղծեց Հայաստանի սահմանամերձ շարք մը բնակավայրերու համար:
. Փաստօրէն Ազրպէյճանը հրաժարած է կատարել իր միակ պարտաւորութիւնը, այն է` ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, պատանդները եւ այլ պահուող անձեր: Փոխարէնը Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛արհամարհեն մարդասիրական այս խնդիրը նորանոր օգուտներ կորզելու նպատակով եւ կը շարունակէ ֆիզիքական ու հոգեբանական տառապանքներ պատճառել գերիներուն եւ անոնց հարազատներուն: Ազրպէյճանական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած են բազմաթիւ տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը նուաստացուին հայ ռազմագերիները, այդ կարգին` անօգնական մեծահասակները: Հրապարակուած են նաեւ հայկական մշակութային կոթողներու պղծումը փաստող քանի մը տեսանիւթեր:
Մեկնաբանելով 11 յունուարի յայտարարութիւնը` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Ցաւօք այս յայտարարութիւնը ստորագրելով` հայկական կողմը կրկին չկրցաւ բաւարարել անվտանգութեան իր առանցքային կարիքները եւ հասնիլ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան կարեւոր պահանջի իրականացման, այն է` գերիներու վերադարձին: Փաստօրէն հայկական կողմը նոր փաստաթուղթ ստորագրեց, թէեւ չհասաւ իր միակ հրատապ եւ ամէնէն կարեւոր պահանջի իրագործման: Նկատի առնելով ընթացիկ հանգամանքները, անվտանգային չլուծուած խնդիրները, Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը եւ էրտողանական Թուրքիոյ համաթուրանական յաւակնութիւնները` 11 յունուարին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը անվտանգային լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն Հայաստանի հարաւի, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ պետութեան ինքնիշխանութեան համար»:
Հայ ռազմագերիներու վերադարձին առնչութեամբ Կարապետեան նշեց. «Մենք Ռուսիայէն կ՛ակնկալէինք, որ ան կատարէր արդար միջնորդի իր դերը եւ աւելի մեծ ճնշում գործադրէր Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ալ կատարէր ռազմագերիներն ու պատանդները վերադարձնելու իր պարտաւորութիւնը: Ցաւալի է, որ այս հարցին մէջ շօշափելի արդիւնքներ չարձանագրուեցան: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս երկու համանախագահ երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները նոյնպէս պարտաւոր են միջամտել` վերջ դնելու համար ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հայ պատանդներու կտտանքներուն ու խոշտանգումներուն եւ երաշխաւորելու անոնց վերադարձը»:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Պրիւքսել, 15 յունուար 2021