Հայաստանի Ազգային ժողովի Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Էտմոն Մարուքեան «Ազատութի՛ւն Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն» գրութեամբ պաստառ բարձրացուց ԵԽԽՎ-ի մէջ:
Այս մասին ան գրեց իր Դիմատետրի էջին մէջ:
«ԵԽԽՎ-ի նիստը սկսանք մեր բողոքի ձայնը բարձրացնելով եւ պահանջելով միջազգային ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի նկատմամբ` հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու օր առաջ ազատ արձակման պահանջով», յայտնեց Մարուքեան: