Դաշնակցութիւնը իր կազմաւորման առաջին պահէն սկսեալ շատ կարծր եւ չներող վերաբերմունք ցուցաբերած է հայրենիքի դաւաճաններուն նկատմամբ, բայց ՀՅԴ-ն իբրեւ քաղաքական ուժ երբեք չ՛երթար ահաբեկչութեան գործողութիւններու, այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կարելի է չիրականացնել, եթէ մենք ունինք կարելիութիւն` արդար դատական կարգով քննութիւն իրականացնելու: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք ընդդիմադիր ուժերէն որեւէ մէկը կ՛ուզէ՞ Նիկոլ Փաշինեանը գնդակահարուած տեսնել, եւ ինչէ՞ մեկնելով է, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը խօսի գնդակահարութեան մասին:
«Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նեղ խմբակը շատ լաւ կը հասկնան, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ դաւաճանները երբեք այլ ճակատագիրի չեն արժանացած, բայց ի տարբերութիւն իրենց նեղ պատկերացումներուն` այսօր քաղաքական ուժերը եւ հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը համակարծիք է, որ ամէն ինչ ընթանայ օրինականութեան, բարոյականութեան սահմաններուն մէջ: Եթէ ինք եւ իր նման մտածողները այդքան մտահոգ են, առնուազն իրենք պէտք է նախաձեռնէին դատական քննութեան: Երբ Նիկոլ Փաշինեան ժողովուրդին անունով կը խօսի, կ՛ըսէ, եթէ ես մեղաւոր եմ, թող ժողովուրդը որոշէ գնդակահարել, առնուազն քանի մը հարց կը յառաջանայ: Նախ արձանագրենք, որ այս մարդը կապ չունի պետութեան, պետական հաստատութիւններու հետ. դատարանն է որոշողը, թէ անձը ի՛նչ պատիժի պէտք է արժանանայ: Ժողովուրդին տուած գնահատականը, այդ կարգին` մեր բազմահազար այն քաղաքացիներուն, որոնք 100-է աւելի օր հրապարակային գործողութիւններով, իրենց արտայայտած դժգոհութիւններով արդէն իսկ տուած են գնահատական, եւ եթէ այդ գնահատականը ժողովուրդին գնահատականն է, ապա շատոնց Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է գնդակահարուած ըլլար», ըսաւ ան:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, եթէ Փաշինեան կը մտածէ, որ ժողովուրդին գնահատականը պէտք է ստանայ արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներով, ասիկա մեր երկիրը պիտի առաջնորդէ վերջնական կործանման, փլուզման:
«Եւ թերեւս յաջորդ շրջափուլին, երբ Նիկոլ Փաշինեան շարունակէ իր այս խաբէութեան, խայտառակ վարքագիծով գործողութիւնները, մենք կրնանք պարզապէս պետութիւն չըլլալ, բազմահազար քաղաքացիներ պարզապէս արտագաղթեն: Նիկոլ Փաշինեանին կը մտահոգէ արդար դատաքննութեան հետեւանքով իրեն բաժին հասնող ճակատագիրը, այդ պատճառով ամէն գնով, ամէն վայրկեան պիտի փորձէ կառչած մնալ այդ աթոռին, ինչ որ կը ստիպէ ո՛չ միայն շռայլ խոստումներ տալ, ո՛չ միայն կեղծել իրականութիւնը, այլեւ շարունակել ապապետական իր վարքագիծը», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ ընդդիմութիւնը կը գործէ սահմանադրականութեան շրջագիծին մէջ, իսկ իշխանութիւնները անընդհատ ապօրինի քայլեր կը կատարեն, յանցագործութիւններու ծրար կայ:
Ան վերահաստատեց, որ ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ արտահերթ ընտրութիւններու հարց չկայ, բայց ըսաւ, թէ կը կասկածի, որ իշխանութիւնները երթան ընտրութիւններու:
Անդրադառնալով բանակի ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի յայտարարութեան` Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ պէտք է շարք մը հարցերու պատասխաններ տրուին, այդ կարգին` 40-է աւելի բարձրաստիճան սպաներու արժանապատուութեան հետ կապուած:
«Արտակ Դաւթեանի յայտարարութիւնը ո՛չ միայն հակաօրինական, այլ հակաբարոյական է: Առնուազն Արտակ Դաւթեանը պէտք է պատասխանէ այն հարցումին, թէ ի վերջոյ 40-է աւելի բարձրաստիճան սպայական կազմի ներկայացուցիչներու յայտարարութեան մէջ ինքը ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ այս սպաներու արժանապատուութեան ապահովումը, եւ այդ սպաները ինչպէ՛ս պիտի ընդունին կամ կրեն այն բեռը, որ այդ յայտարարութեամբ իրենք ըրած էին նախապէս, երբ որ պահանջած էին կառավարութեան հրաժարականը, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձի հրաժարականը, աւելին` գնահատած էին անոնց գործունէութիւնը իբրեւ ոչ համարժէք», ըսաւ ան:



