Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակ Գիտաժողովի Նիւթեր (21-23 Մարտ 2018)» Ժողովածուի Շնորհահանդէս

Մայիս 19, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 Մայիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին  շնորհահանդէսը:

Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս: Հոն ամփոփուած են մարտ 2018-ի  Մեծի Տան Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ գիտաժողովին զեկուցում-յօդուածները, զորս ներկայացուցած են  Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի տասնեակ պատմաբաններ:

«Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման հերթական տարեդարձի նախօրեակին մենք կարեւոր նկատեցինք այս միջոցառումը, որովհետեւ պետականութեան խնդիրը մեր դիմաց դրուած թիւ մէկ խնդիրն է: 3 տարի առաջ մենք ձեռնարկեցինք կարեւոր ծրագիրի, որ հայոց պետականութեան 100-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներու շարքն էր: Այդ գիտաժողովը իր ձեւով ու բովանդակութեամբ կը տարբերի բոլոր գիտաժողովներէն` իր գիտաքաղաքական կարեւորութեամբ», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան:

Ան նշեց, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին բազմաթիւ հաստափոր հատորներ գրուած են, սակայն այս բոլորը բաւարար չեն ըսելու համար, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը յաւուր պատշաճի ուսումնասիրուած է:

«Մենք այս գիտաժողովով փորձեցինք ցրել այն թիւր պատկերացումը, թէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուած է դատարկ հողի վրայ, չէ ունեցած նախապատմութիւն: Մինչդեռ մեր զեկուցումներուն մէկ մասը, որոնք նուիրուած էին առաջին Հանրապետութեան հռչակման նախապատմութեան, յստակ ցոյց կու տային, որ անոր արմատները կ՛երթան մինչեւ 19-րդ դարու վերջ, 20-րդ դարու սկիզբ: Ժողովուրդի միասնականութիւնը յստակ կ՛երեւի   ազատագրական պայքարին մէջ: Ժողովածուին մէջ կան բազմաթիւ զեկուցում-յօդուածներ, որոնք նուիրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառուցուածքին, դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն, անկման պատճառներուն, խորհրդային Ռուսիա-քեմալական Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն, վիճելի տարածքներուն` Զանգեզուրին, Արցախին, Նախիջեւանին», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

Այնուհետեւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանին` շնորհահանդէսի կազմակերպման աջակցելու համար:

Ողջունելով մասնակիցները` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւնների բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար, ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան նշեց, որ ժողովածուին մէջ կան բազմաթիւ նիւթեր` 1918-1920 թուականներու պատմութեան վերաբերող: «Մեր խնդիրը այն է,  որ, ընդունելով մեր անցած հարիւրամեայ ճանապարհը, հիմա ջանք պէտք է գործադրել, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որպէսզի կրկին անգամ չկորսնցնենք մեր պետականութիւնը: Այսօր մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ մեր պետականութեան ամրապնդումը եւ զարգացումը», դիտել տուաւ ան:

Ողջոյնի խօսք փոխանցեց պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, որ վեր առաւ գիտաժողովին կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ այսօրուան իրավիճակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԳԱԱ-ին` շնորհահանդէսի կազմակերպման համար:

Արժեւորման խօսքեր արտասանեցին Լիբանանէն յատկապէս այս առիթին համար Երեւան գտնուող, «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական յանձնախումբի անդամներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան եւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Այնուհետեւ գիտաժողովին եւ հրատարակութեան գնահատականը կատարեցին գիտաժողովին մասնակցած ակադեմականները: Բոլորին հաստատումով, Անթիլիասի գիտաժողովը առանձնացաւ Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով բոլոր գիտաժողովներէն իր համապարփակութեամբ, գիտականութեամբ եւ ներկայացուած զեկուցումներու ունեցած այժմէական նշանակութեամբ: Մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին Արամ Ա. վեհափառին` իր նախաձեռնութեան, հովանաւորութեան եւ կարեւոր այս առիթին հայ պատմագիտական, իրաւագիտական եւ քաղաքագիտական մարդուժի համախմբան համար:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Փորձառուներու Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պտուղ Եւ Բանջարեղէն Ընտրել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?