Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Թուրքիոյ Դէմ Միջպետական Գանգատ Ներկայացուցած Է ՄԻԵԴ-ին

May 19, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 9 մայիսին միջպետական գանգատ ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին  սուրիացի վարձկաններ հաւաքագրելու եւ Ազրպէյճան տեղափոխելու միջոցով համաձայնագիրներու խախտումներ թոյլ տալու, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ, որ նոյնպէս համաձայնագիրներու խախտում է: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը:

«Մասնաւորապէս Հայաստանի կառավարութիւնը կը պնդէ, որ Թուրքիան խախտած է Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան կեանքի, խոշտանգումներէ եւ անմարդկային վերաբերմունքէ զերծ մնալու, անձեռնմխելիութեան, սեփականութեան, անձնական եւ ընտանեկան կեանքի եւ շարք մը այլ իրաւունքներ:

Կառավարութեան կողմէ գանգատին կից ներկայացուած են բազմաթիւ եւ ծաւալուն ապացոյցներ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիայէն Ազրպէյճանի սուրիացի վարձկաններ հաւաքագրելու եւ տեղափոխելու, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն ռազմական սարքաւորումներ, զէնք եւ զինամթերք մատակարարելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներով տագնապին մէջ ներգրաւուելու վերաբերեալ»,  նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Սպասելի Էր, Որ Արցախի Մեծ Մասը Կորսնցնելէ Ետք Սիւնիքի Մէջ Նման Իրավիճակ Պիտի Ստեղծուէր»

Յաջորդը

Անգլիական Ֆութպոլ. Հայ Ֆութպոլիստը Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Պլեքպըրնի Աղջկանց Խումբին Տարեշրջանի Լաւագոյն Խաղացողը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.