Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նետերլանտներու Հայ Դատի Յանձնախումբը Բողոքի Նամակ Յղած Է Ազրպէյճանի Մէջ Նետերլանտներու Դեսպանին

July 14, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Նետերլանտներու Հայ դատի յանձնախումբը Ազրպէյճանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Փաուլինէ Էյզեմային բողոքի նամակ յղած է` Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի կազմակերպած դիւանագիտական հաւաքին մասնակցելուն համար: Նամակը հայերէն թարգմանութեամբ հրապարակուած է ՀՅԴ Նետերլանտներու Հայ դատի յանձնախումբի դիմատետրեան էջին վրայ:

«Տիկի՛ն Էյզեմա, Նետերլանտներու հայ համայնքը խորապէս հիասթափուած եւ վրդոված է ձեր մասնակցութեան կապակցութեամբ: Չափազանց տարօրինակ է, որ դուք նման քայլի կը դիմէք, երբ մեր երկրին խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը եւ յստակ ուղերձներ հրապարակած այդ երկրին մէջ որեւէ միջազգային բնոյթի ձեռնարկի մասնակցելէ ձեռնպահ մնալու վերաբերեալ», գրուած է նամակին մէջ:

Բացի ատկէ, կը նշուի, որ Ազրպէյճանի մէջ Նետերլանտներու դեսպանը իր մասնակցութեամբ փաստօրէն կ՛արհամարհէ հայ ժողովուրդը, Նետերլանտներու հայ համայնքը եւ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ պատերազմական գերիները: Նամակին մէջ յիշեցում կը կատարուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները մերժած էին մասնակցիլ այդ հաւաքին:

«Փաստօրէն ձեր մասնակցութեամբ կ՛ապացուցէք, որ դուք այս երկիրները ներկայացնող միջազգային կառոյցի խաղաղասիրական քայլերուն դէմ էք: Ամիսներ շարունակ Նետերլանտներու իշխանութիւնները տարբեր որոշումներով դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ Ալիեւի վերաբերմունքը հայ պատերազմական գերիներուն նկատմամբ: Ձեր մասնակցութեամբ դուք ամբողջութեամբ կ՛արհամարհէք ժողովրդավարականօրէն ընտրուած մեր խորհրդարանի որոշումները», ըսուած է նամակին մէջ:

ՀՅԴ Նետերլանտներու Հայ դատի յանձնախումբը նետերլանտահայութեան անունով բացատրութիւն կը պահանջէ դեսպանի վերոնշեալ քայլերուն վերաբերեալ եւ շատ արագ արձագանգի կը սպասէ:

Յիշեցնենք, որ 10 յուլիսին Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները, բացառութեամբ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն, Ազրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրով միասնաբար այցելած են Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց այս քայլը:

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Եռանախագահող Երկիրները Շուշին Նկատեցին Արցախի Անբաժանելի Տարածքը

Յաջորդը

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Խստօրէն Քննադատած Է Ազրպէյճանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանին Շուշի Այցելութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.