Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով  Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

Ֆրանսայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` իր բոլոր կառոյցներով եւ հաստատութիւններով երէկ մերժեց Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ տեսակի կապ կամ հանդիպում եւ զայն դիմաւորեց բողոքի ցոյցերով: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ գործածեց արցունքաբեր կազ: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած...

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ  Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական  Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

Երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան` մատնանշելով, որ ատիկա վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ փորձ մըն է ընտրութիւններուն նախօրեակին քաղաքական մուրացկանութեամբ օրինականութիւն գտնելու: «Մենք զայն չենք ճանչնար իբրեւ վարչապետ, առաւել եւս` իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ան ոչ թէ հայկական պետութիւն կը ներկայացնէ, այլ` պարտութեան, ստախօսութեան, պետականութեան կործանման, մեր...

Այվազեան. «Նախարարութիւնը Չի Կրնար Համաձայնութիւն Տալ Գաղափարներու, Որոնք Մեր Ազգային Եւ Պետական Շահերուն Դէմ Եղած Են»

Այվազեան. «Նախարարութիւնը Չի Կրնար Համաձայնութիւն Տալ Գաղափարներու, Որոնք Մեր Ազգային Եւ Պետական Շահերուն Դէմ Եղած Են»

31 մայիսին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ: Նախարարի պաշտօնակատար Այվազեանը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին` միացեալ աշխատանքի ընթացքին դրսեւորած մասնագիտական նուիրուածութեան համար: Իր խօսքին մէջ Արա Այվազեան նշած է. «Երբ ես համաձայն գտնուեցայ  ստանձնելու այս պաշտօնը, ատիկա կեանքիս ամէնէն դժուար, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ամէնէն դիւրին որոշումն էր: Դիւրին որոշում էր, քանի...

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Քաղաքական Լուծումը Պէտք Է Համանախագահներու Ձեւաչափի Ծիրին Մէջ Տեղի Ունենայ»   Կ՛ըսէ Զախարովա

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Քաղաքական Լուծումը Պէտք Է Համանախագահներու Ձեւաչափի Ծիրին Մէջ Տեղի Ունենայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան ըսաւ. «Անցեալ տարուան սեպտեմբեր-նոյեմբերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք կողմերը կը գտնուին լիարժէք երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ճամբուն սկիզբը: Ռուսիան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կարգաւորման համար: Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապահովեն խաղաղութիւնն ու...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կ՛այցելէ Փարիզ: Այս այցելութիւնը, որ կը մեկնի պարզապէս նախընտրական հաշիւներով, կը մերժենք իր էութեամբ: Նախ եւ առաջ, ան այսուհետեւ պաշտօնապէս ոչ մէկ հանգամանք ունի ներկայացնելու Հայաստանը: Ան 20 յունիսի արտահերթ ընտրութիւններուն թեկնածու մըն է, ինչպէս մնացեալ բոլոր թեկնածուները: Առ այդ, այս այցելութիւնը մենք կը համարենք զուտ անձնական այցելութիւն եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ունենալ համայնքային...

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

Արաբական երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդը գումարեց իր 44-րդ նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ երկու տարիով յետաձգել Համաարաբական խաղերը, որոնք պիտի կայանային այս տարուան ընթացքին,  Իրաքի մէջ: Ինքնաբերաբար Լիբանանի մէջ 2025-ին կայանալիք Համաարաբական խաղերը յետաձգուեցան 2027-ին: Առցանց նիստին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ նախարարութեան...

Պետական Հաշուեքննիչ Ատեանը Կը Հաստատէ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Պահանջներուն Իրաւացիութիւնը

Պետական Հաշուեքննիչ Ատեանը Կը Հաստատէ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Պահանջներուն Իրաւացիութիւնը

Ստորեւ կու տանք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դիմումով կատարուած պետական հաշուեքննութեան վճիռը, որ կը վերաբերի թափօններու թաղման վայրին առնչութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան  հետ կայացած համաձայնագիրի հիմամբ փոխանցուած գումարներուն: Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը տարբեր առիթներու այս հարցով ներկայացուցած էր անհիմն մեղադրանքներ: Պետական հաշուեքննիչ ատեանի այս որոշումը հիմնովին կը ջրէ այդ մեղադրանքները: Պետական հաշուեքննիչ ատեանը վերջերս տրուած վճիռով մը հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Շնորհաւորական Ուղերձը Մայիսի 28-ի Առիթով

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնների քաղաքացիներ, Սփիւռքի եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր Այսօր` Մայիսի 28-ին, որտեղ էլ որ գտնուելիս լինենք, մեր Եռագոյնն ենք բարձրացնում եւ ամէնից առաջ գլուխ խոնարհում` յարգելով 1918 թուականին Սարդարապատում, Բաշ Ապարանում եւ Ղարաքիլիսայի մատոյցներում մեր ժողովրդի գոյութեան իրաւունքի համար թուրքական ցեղասպան հորդաների դէմ կենաց-մահու կռուի ելած եւ անուրանալի յաղթանակներ կերտած մեր փառահեղ նախնիների ու հերոսների լուսաւոր յիշատակը:...

«Այսօր Մենք Կանգնած Ենք Բարոյականութեան  Ու Արժանապատուութեան  Սարդարապատի Շեմին». Արմէն Սարգսեան

«Այսօր Մենք Կանգնած Ենք Բարոյականութեան Ու Արժանապատուութեան Սարդարապատի Շեմին». Արմէն Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ ուղերձը յղեց` Հայաստանի անկախութէան տօնին առիթով. «Այսօր Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 103-րդ տարեդարձն է: Առաջին հանրապետութիւնը նշանակալից իրադարձութիւն էր մեր ժողովրդի կեանքում` անկախ պետականութեան վերականգնում ինքնիշխանութեան համար երկարամեայ պայքարից յետոյ: Այն եւս մէկ անգամ ցոյց տուեց, որ երբ միասնական ենք, կարողանո՛ւմ ենք յաղթել: Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ստեղծուեց այնպիսի պայմաններում, երբ վտանգուած էին մեր ինքնութիւնն ու...

Յարգանքի Տուրք` Առաջին Հանրապետութեան  Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք` Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

«Հայաստան» դաշինքը ուրբաթ, 28 մայիսին` հայոց պետականութեան վերականգնման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրը յարգանքի տուրք մատուցեց հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յիշատակին: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեան: Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ծաղիկներ զետեղեցին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին: «Մայիս 28-ի աւանդական տօնը այսօր մեր...

«Հայաստան» Դաշինքը Ներկայացուց  Իր Նախընտրական Ծրագիրը

«Հայաստան» Դաշինքը Ներկայացուց Իր Նախընտրական Ծրագիրը

Շաբաթ, 29 մայիսին «Հայաստան» դաշինքը ուղիղ եթերով ներկայացուց իր նախընտրական ծրագիրը: Հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը: Ապա առաջարկուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Արցախի 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը: «Մեր նախընտրական դաշինքի ծրագիրը անուանած ենք «365 օր. ապագան սկսւում է այսօր», յայտարարեց նախկին փոխվարչապետ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Գէորգեան` խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց ուժի նախընտրական ծրագիրն ու խումբը ներկայացնելու նուիրուած ձեռնարկին: «Մեր հասարակութեան ներկայացուող...

Հայաստանի Անկախութեան 103-Ամեակի Նշում`  Մայիսեան Կտակին Հաւատարիմ Մնալու  Եւ Պայքարը Շարունակելու Պատգամով

Հայաստանի Անկախութեան 103-Ամեակի Նշում` Մայիսեան Կտակին Հաւատարիմ Մնալու Եւ Պայքարը Շարունակելու Պատգամով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային կապերու մարմինին, 28 մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 103-ամեակի նշում, որուն նախորդեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տողանցք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Շաղիկ Յարութիւնեան-Յովսէփեան, որ վեր առաւ անկախութեան արժէքն ու անոր համար մղուած պայքարը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ողջոյնի խօսքը արտասանեց Նարօտ Քեչեպաշեան,...

Խմբագրական.   Բարդ, Բայց` Ոչ Անկարելի Վերակերտումներ

Խմբագրական. Բարդ, Բայց` Ոչ Անկարելի Վերակերտումներ

Յետպատերազմեան ներկայ պայմաններուն մէջ մայիսքսանութեան խորհուրդի այժմէականացման փորձ կատարելը բարդ է: Խորհուրդը ի՛նքը ամէնէն առաջ ազգի շարունակականութեան գաղափարը կ՛ամփոփէ, պետականութեան հիմնումը, անկախութեան եւ գերիշխանութեան գաղափարներու առարկայացումը: Տակաւին, համաքաղաքակրթական առումով` համաթուրանական ծրագիրի խափանումը: Նաեւ` քաղաքական գերակայ ուղղութիւն որդեգրելու տեսակէտէն թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին երկընտրանքէն դէպի երկրորդը հակուելուն: Այս խորհուրդները այժմէական են` ոչ անպայման հայկական կողմին նպաստաւոր այժմու դրութեամբ: Փորձենք լոյսին...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Նորանշանակ Դեսպանուհին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Նորանշանակ Դեսպանուհին

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանուհիին միջեւ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցերու անդրադառնալու, ըլլան անոնք հայկական ու յատկապէս լիբանանեան: Ողջունելով նորանշանակ դեսպանուհիին առաջին այցելութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց պատմական իւրայատուկ կապերը հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի պետութիւններուն միջեւ: Այս ծիրէն...

«Հայաստան» Դաշինքի Նախընտրական  Ցուցակի Առաջին 20 Անունները

«Հայաստան» Դաշինքի Նախընտրական Ցուցակի Առաջին 20 Անունները

26 մայիսը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերուն նախընտրական ցուցակները Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացնելու վերջնաժամկէտն են: Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքի ցուցակի առաջին 20-եակը հետեւեալ ձեւով է. 1.- Ռոպերթ Քոչարեան 2.- Իշխան Սաղաթէլեան 3.- Աննա Գրիգորեան 4.- Վահէ Յակոբեան 5.- Արմէն Գէորգեան 6.- Լիլիթ Գալստեան 7.- Արմէն Ռուստամեան 8.- Սէյրան Օհանեան 9.- Էլինար Վարդանեան 10.- Արծուիկ Մինասեան 11.-...

Զարիֆ. «Միջազգայնօրէն Ճանչցուած  Սահմանները Եւ Տարածքային  Ամբողջականութիւնը Կարմիր Գիծեր Են»

Զարիֆ. «Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Սահմանները Եւ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Կարմիր Գիծեր Են»

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 մայիս 2021-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ այցելեց Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ շրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի պայմաններուն մէջ շատ կարեւոր են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը` շեշտելով, որ Հայաստան...

Page 368 of 797 1 … 367 368 369 … 797

Արխիւներ