ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (Էյ.Էլ.Սի.), համագործակցաբար Հայաստանի մէջ արձանագրուած Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին հետ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ նոր գործեր ներկայացուցած է, որոնցմով Ազրպէյճանը կը մեղադրուի հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձերու մահուան համար: ՄԻԵԴ ներկայացուած թղթածրարին մէջ նշուած են թիւով 19 անձեր, ինչպէս իրենց հայրենի բնակավայրերուն մէջ մնացած քաղաքացիական մարդիկ, նոյնպէս ալ զինուորականներ, որոնք իրարմէ տարբեր 10 դէպքերու ընթացքին սպաննուած են, երբ գերութեան մէջ գտնուած են ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ կամ եղած են ձերբակալուած: Դիմումները ներկայացուած են ականատեսներու ցուցմունքներու, համացանցով տարածուած տեսաձայնագրութիւններու, դատաբժշկական փորձաքննութիւններու անհերքելի ապացոյցներով եւ փորձագիտական եզրակացութիւններով:
Երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները հաւաքուած նիւթերով կը փորձեն պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը` ինչպէս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի, նոյնպէս ալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն` գերութեան մէջ գտնուող անձերու կեանքը չպաշտպանելու համար:
«Չկարենալով պաշտպանել գերութեան մէջ գտնուողներու կեանքը եւ չկարենալով հետաքննել սպաննուած գերիներու հարցերը, Ազրպէյճանը խայտառակ կերպով կը խախտէ մարդու իրաւունքներն ու չի կատարեր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները: ՄԻԵԴ-ի եւ եւրոպական բոլոր յարակից կառոյցներու պարտականութիւնն է միանշանակ կարմիր գիծ քաշել եւ ստիպել Ազրպէյճանի բռնապետութեան պատասխանատուութիւն ստանձնել», կ՛ընդգծէ Հայկական իրաւական կեդրոնի նախագահ Քեն Խաչիկեան:
Հայկական իրաւական կեդրոնը յանձնառու է սպաննուած 19 անձերու դէպքերով հետապնդել արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել, որ բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ արձակուին եւ առանց վնասներու հայրենադարձուին: Այս նպատակով Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած հայկական իրաւական կեդրոնը կը համագործակցի Երեւանի մէջ գտնուող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի հետ` առաւել քան 100 հայ ռազմագերիներու անունով ՄԻԵԴ-ի մէջ գործեր յարուցելու համար: Այսպիսով, այս գործընկերութիւնը թոյլ կու տայ անհատական մակարդակով պաշտպանելու Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու կէսէն աւելիին: Համագործակցող կազմակերպութիւններու ջանքերով վերջերս նորէն լրացուցիչ գործեր ներկայացուեցան ՄԻԵԴ` պահանջելով Ազրպէյճանի հանդէպ կիրարկել միջանկեալ միջոց: Մնայուն աշխատանք կը տարուի Ազրպէյճանի կողմէ պահուող այլ ռազմագերիների վերաբերեալ հետաքննութիւն կատարելու եւ բացայայտումներ ընելու ուղղութիւններով, հետամուտ ըլլալու ինչպէս անոնց ազատութեան, նոյնպէս ալ կեանքի իրաւունքին:
Հայկական իրաւական կեդրոնը հրապարակած է այն անձերուն անուն-ազգանուններն ու սպանութեան դէպքերը, որոնց առնչութեամբ սկսած է իրաւական գործընթաց: Հաշուի առնելով սպանութեան դէպքերու առանձնակի դաժան բնոյթը` անոնց վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը թարգմանաբար չենք հրապարակեր:
Ազրպէյճանական վայրագութիւններուն պատճառով գերութեան մէջ սպաննուած մեր հայրենակիցներն են Վահրամ Լալայեանը, Վոլոդիա Աղաբէկեանը, Արսէն Ղարախանեանը, Եուրի Ադամեանը, Բենիկ Յակոբեանը, Մուշեղ Մելքումեանը, Նարեկ Բաբայեանը, Գենադի Պետրոսեանը, Եուրիկ Ասրիեանը, Սարգիս Մանուկեանը, Լիւդվիգ Աւդալեանը, Սենիկ Խուրշուդեանը, Յուսիկ Յովակիմեանը, Կարէն Ներսիսեանը, Հայկ Յարութիւնեանը, Ալպերթ Ստեփանեանը, Գրիշա Գրիգորեանը, Սասուն Պետրոսեանը եւ Սամուէլ Սմբատովը:


