Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Երեւանը Մեղադրած Է «Հայ Զինուորներ Ապօրինաբար Լեռնային Ղարաբաղ Տեղափոխելու Համար»

August 12, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանը մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հայկական զինեալ ուժերու անձնակազմի անօրինական տեղակայման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է:

«Վերջին օրերուն կը նկատուին Հայաստանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով, իր զինեալ ուժերու անձնակազմի վերատեղակայման դէպքեր ազրպէյճանական տարածքներու մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը, ինչպէս նաեւ Մուխթարքանդ (Մխիթարաշէն), Շուշաքենդ (Շոշ) բնակավայրերու, Քելբաջարի (Քարվաճառ) եւ Լաչինի (Բերձոր) շրջաններու վարչական սահմաններու արեւելեան ուղղութեամբ գտնուող տարածքներու մէջ հայկական նոր զինուորական դիրքերու ստեղծում», նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը, եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան, պէտք է վերջ տան ազրպէյճանական տարածքներուն մէջ, ուր իրենք ժամանակաւորապէս տեղակայուած են, Հայաստանի զինեալ ուժերու տեղակայման դէպքերուն», ըսած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախորդը

Ռուսիան Պատրաստ Է Հայաստանի Բանակի Արդիականացման Գործին Օգնելու

Յաջորդը

Հայկական Իրաւական Կեդրոնը Ազրպէյճանի Կողմէ Սպաննուած Հայ Ռազմագերիներու Գործով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Մէջ Սկսած Է Իրաւական Գործընթաց

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.