ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Ի. Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն.
«Դրացի երկրի ղեկավարը երէկ նորէն ինքն իրեն թոյլ տուած է մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորող արտայայտութիւններ:
Միջազգային ահաբեկչական ուժերու եւ այլ պետութիւններու ներգրաւումով` մեր ժողովուրդին նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմէն ետք, Ալիեւը ակնյայտօրէն նպատակ ունի կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամբողջապէս կազմաքանդել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգը:
Պաքուն պէտք է շատ յստակ հասկնայ, որ Հայաստանի ներկայ ժամանակաւոր կաշկանդուածութիւնը եւ ապաշնորհ իշխանութիւններու գոյութիւնը չեն կրնար հիմք հանդիսանալ մեր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան շարունակական ոտնահարումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ կեանքի իրաւունքը անտեսելու համար:
Հայ ժողովուրդը, իբրեւ հայկական երկու պետութիւններու յարատեւութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր, աննահանջ պիտի պայքարի իր իրաւունքներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի միջազգային հանրութեան, ապա վերջինս պէտք է անյապաղ եւ գործնականօրէն սանձէ մեր պետութեան նկատմամբ անթաքոյց տարածքային պահանջներ ունեցող պատերազմական յանցագործի յաւակնութիւնները: Միջազգային կազմակերպութիւններն ու ուժային կեդրոնները պէտք չէ աչք փակեն միջազգային յարաբերութիւններն ու արդի աշխարհի անվտանգային համակարգերը կազմաքանդող ազրպէյճանական գործողութիւններու վրայ:
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին պայքարած է յանուն արժանապատիւ խաղաղութեան, վերջին 30 տարիներուն ընթացքին մենք եղած ենք այս շրջանին մէջ խաղաղութեան ջատագովն ու պարտադրողը: Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք, սակայն այդ խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ մեր արժանապատուութեան եւ գոյութենական իրաւունքներուն»: