Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երասխի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է. Այլ Զինուոր Մը Զոհուած` Գեղարքունիքի Մէջ

August 17, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 16 օգոստոս 2021-ի առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները սադրանքի դիմեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ` Երասխի հատուածին մէջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն հաղորդեցին, որ 16 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:50-ի շուրջ, թշնամիի սահմանապահի արձակած կրակոցէն մահացու հրազէնային հարուած ստացաւ եւ զոհուեցաւ Հայաստանի բանակի N զօրամասի զինուոր, 1975-ի ծնունդ, աւագ ենթասպայ Վահան Թաթոսեան:

«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն բերմամբ թշնամին կորուստներ ունեցած է», կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն օրը` 16 օգոստոսին, աւելի ուշ, երեկոյեան ժամը 6:10-ի շուրջ, ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Փոխհրաձգութեան պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ զոհուեցաւ բանակի N զօրամասի զինուոր, 2002-ի ծնունդ, շարքային Արման Յակոբեան:

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ թշնամին ունի առնուազն երեք սպաննուած եւ վիրաւոր:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Էր Իրենց Տրամադրութեան Տակ Գտնուող Բոլոր Գործիքները Օգտագործեն Ալիեւի Յարձակումը Դադրեցնելու Համար» Կ՛ըսէ Փալոն

Յաջորդը

Ալիեւ. «Մեղրիէն Անցնող Ճամբու Կառուցումը Բացարձակ Անհրաժեշտութիւն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.