Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գորիս-Կապան Ճամբուն Մէջտեղը Ռուս-Ազրպէյճանական Միացեալ Անցակէտ Տեղակայուած Է

Օգոստոս 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գորիս-Կապան ճամբան բացուած է, այդտեղ ռուս-ազրպէյճանական անցակէտեր տեղակայուած են: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան:

«Ճամբան ամբողջութեամբ բացուած է, բայց Որոտան եւ Նոր Առաջաձոր բնակավայրերու հատուածին` ճամբուն մէջտեղը, ռուս եւ ազրպէյճանցի սահմանապահ ուժերու միացեալ անցակէտ տեղադրուած է: Հայ սահմանապահները հաւանաբար անոնց դրացնութեամբ պիտի գտնուին», նշեց համայնքապետը:

Փարսեան նշեց, որ ռուս-ազրպէյճանական անցակէտը հաւանաբար մնայուն պիտի ըլլայ:

Իսկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) տեղեկացուց, որ 27 օգոստոսին վերաբացուեցաւ Գորիս-Կապան միջպետական ճամբան, որ փակուած էր 25 օգոստոսին` Գորիս-Որոտան եւ Շուռնուխ-Կարմրաքար հատուածներէն:

Հայաստանի ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերը եւ ռուս սահմանապահները օրուան ընթացքին բանակցութիւններ վարեցին ազրպէյճանական կողմին հետ` այդ ճամբուն բացման գծով: «Գորիս-Կապան միջպետական ճամբան բաց է բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան եւ քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժին համար», նշուած է ԱԱԾ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու փակման անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը` յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կապուած տարակարծութիւնները կը լուծուին խաղաղ մթնոլորտի մէջ` առանց որեւէ լարուածութեան կամ հաղորդակցութեան ուղիներու խափանման:

«Յոյսով ենք, որ կողմերը Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ գօտիներուն եւ յատկապէս Գորիս-Կապան ճամբու հատուածին մէջ յառաջացած վերջին տարակարծութիւնները կը լուծեն այնպէս, որ չի խափանուիր երթեւեկի ուղիներու վերաբացման եւ ապաշրջափակման նպատակի իրագործումը», նշեցին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութենէն:

Իրանական կողմը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Գորիս-Կապան երթուղիի շահագործման շուրջ առկայ տարակարծութիւններու լուծման ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն զուգահեռ` սրընթաց կերպով կ՛ընթանան նաեւ այլընտրանքային ճամբաներու բարելաւման ու զարգացման աշխատանքները. «Որպէսզի պայմանները ինչպէս Հայաստանի քաղաքացիներուն, այնպէս ալ Հայաստանի հետ մեր առեւտրական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն վերադառնան իրենց բնականոն հունին», նշուեցաւ դեսպանատունէն:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Համախմբուելու, Մեր Երկիրն Ու Պետականութիւնը Ոչնչացման Վտանգէն Փրկելու Հրամայականը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարբեր Բեմագրութիւններ Եւ Կիսաբաց Պատուհաններ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?