Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ապաշրջափակման Աշխարհաքաղաքական Ընկալումներու Տարրեր

Սեպտեմբեր 28, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

44-օրեայ պատերազմէն տարի մը անց, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի ստեղծման համար արագ կշռոյթներով սկսած են երեւիլ աշխարհաքաղական օրակարգի իրականացման միտումներ:

Տարածաշրջանի ապաշրջափակում. ահա՛ ձեւակերպումը մեծ օրակարգին: Խնդիրը շատ աւելի հեռու կ՛երթայ արցախեան հակամարտութեան լուծումէն, եւ նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը սկսի բանալ իր փակագիծերը:

Այստեղ խնդիրը ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումն է, այլ նաեւ գերակայ տարբեր ուղղութիւններ հետզհետէ տեսք կը ստանան  մէկ կողմէ Վրաստանը, միւս կողմէ` Իրանը: Կայ յստակ ուղղուածութիւնը այս բոլորին մէջ Իրանը շրջանցելու. Թուրքիոյ ներգրաւումը 44-օրեայ պատերազմին ի վերջոյ իրականացուցած է ամերիկեան առաջադրանքի մէկ մասը: Նկատելի չափերով փոխուած է Իրանի սահմանային կարգավիճակը: Ազրպէյճանը ընդլայնած է Իրանի հետ իր սահմանագիծը: Այս շրջագիծին մէջ ալ պէտք է դիտարկել գրաւուած իրանամերձ շրջաններուն մէջ ահաբեկիչ տարրերու տեղակայումը Պաքուի կողմէ: Աւելի համընդհանուր դիտարկումը զուգահեռ կը գծէ Աֆղանիստանի իշխանութեան յանկարծակի յանձնումը թալեպաններուն, որոնք դարձեալ իրանամերձ շրջաններու ամբողջ երկայնքը կը վերահսկեն: Ըստ էութեան ուրեմն տարածաշրջանի ապաշրջափակում յղացքը Իրանի մասնակի շրջափակման կը միտի:

Առաջադրուող ապաշրջափակումը կ՛ենթադրէ նաեւ վրացական մենաշնորհի որոշ չէզոքացում` ճանապարհային այլընտրանքներ ստեղծելով: Թրքական խանդավառութիւնը վայելող վեցեակի ծրագիրը Վրաստանը ներքաշել է տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորելու անվտանգային նոր հարթակին: Ապաշրջափակումը ուրեմն Վրաստանի համար նոր այլընտրանքային ճամբարի ձեւաւորումը կ՛առաջադրէ ի շարս այլ նպատակներու անշուշտ:

Տարածաշրջանի ապաշրջափակում ձեւակերպումը Անգարան եւ Պաքուն իւրովի կը հասկնան, այդ պատճառով ալ անվերջ կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Այստեղ ուրեմն, խաղաղութիւնը, բաց սահմանները, յարաբերութիւններու հաստատումը կը դառնան երկրորդական, եւ առջեւ կը մղուի համաթուրանական վաղեմի ծրագիրը, որ մինչ այժմ արգելակած էր Հայաստանը: «Միջանցք»-ը  տարածքային խնդրոյ առարկայ հատուածին գերիշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող հասկացողութիւն է եւ այս պարագային ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրանական կամուրջի կառուցման դարաւոր առաջադրանք` Թուրքիան Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի վրայով կապելու Ազրպէյճանին եւ անկէ` թրքախօս, թրքացեղ պետութիւններուն: Միջանցքի գաղափարի մերժումը պէտք է բանակցութիւններու եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան հասնելու համար իբրեւ կարմիր գիծ նկատուի. այս հարցով հայկական եւ ռուսական կողմերը  յայտարարած են, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէջ միջանցքի մասին ակնարկութիւն չկայ: Խօսքը ճանապարհներու ապաշրջափակման մասին է:

Ապաշրջափակումը, բնականոն յարաբերութիւնները, բաց սահմանները  աներկբայօրէն ցանկալի առաջադրանքներ են: Անկախ տնտեսական օրէնսդրութեամբ սահմանաբացման գործողութիւններուն պատրաստ չըլլալու իրականութենէն գոյութիւն ունին այլապէս անորոշ եւ հետեւաբար վտանգներ ներառող գործընթացներ: Դասական նախապայմաններուն վրայ աւելցած է «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի տրամադրման նախապայմանը: Աւելցած է` Ազրպէյճանի հետ առաջին հերթին սահմանագծում-սահմանազատում իրականացնելու հրամայականը:

Ապաշրջափակում հասկացողութեան տարատեսակ, եթէ ոչ հակադիր ընկալումները կրնան համալրուիլ, եթէ նկատի ունենանք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ թուրքեւռուսական միացեալ ճարտարապետութեան արտադրանքը` նոր գոյավիճակ ստեղծելու, այլ միջավայրերու մէջ իր ճեղքերը սկսած է զգալի դարձնել: Խրիմի պատկանելիութեան մասին Անգարայի հակառուսական յայտարարութիւնները Իտլիպի մէջ արձագանգ կը գտնեն. ռուսական ներշնչումով թրքական զօրքերու Սուրիայէն հեռացման պահանջներ կ՛արծարծուին:

Աշխարհաքաղաքական թէժ կէտի վերածուած է տարածաշրջանի ապաշրջափակման օրակարգը: Հայկական կողմը բազմաշառաւիղ այս մօտեցումներու եւ յատկապէս միջազգային ընտանիքի արծարծած առաջադրանքներու համահունչ կէտեր գտնելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Այլ խօսքով` հայկական եւ միջազգային ընտանիքի պահանջներու համատեղման կէտերու վրայ կեդրոնացումը:

Այդ համատեղ թեմաները կրնան ըլլալ `

Ա. Ռազմագերիներու եւ նահատակուած զինուորներու աճիւններու հայրենադարձում:

Բ. Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու հետաքննութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Գ. Արցախէն տեղահանուածներու տունդարձի գործընթացի ապահովման համար անվտանգութեան համապատասխան միջոցներու որդեգրում:

Այս բոլորը` կարճաժամկէտ դրուածքով: Բնականաբար երկարաժամկէտ բանակցային ռազմավարութիւնը կ՛ենթադրէ այլ կէտեր: Իսկ կարճաժամկէտ կտրուածքով բանակցային ռազմավարութիւնը կրնայ համատեղելի կէտեր գտնել ո՛չ միայն ամերիկեան կամ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքի այսօրուան բարձրաձայնումներուն, այլ նաեւ ռուսական հովանաւորութեամբ կայացած հրադադարի յայտարարութեան 8-րդ կէտին հետ` «Տեղի է ունենում ռազմագերիների, պատանդների եւ պահուող այլ անձանց ու մահացածների մարմինների փոխանակում»:

Նման չյայտարարուող նախապայմաններ հայկական կողմը կրնայ նկատի ունենալ նախքան որեւէ բանակցային գործընթաց սկսիլը: Պարզ է. երբ չեն յարգուիր նախապէս կայացած պայմանաւորուածութիւնները, չեն  կրնար կայանալ այլ համաձայնութիւններ:

Բայց անկախ մեր շահերէն բխող նախապայմաններէն, ապաշրջափակումը , Անգարայի եւ Պաքուի պատկերացուցած, կրնայ հեզասահ չընթանալ, պարզ այն պատճառով, որ անիկա արդէն դարձած է տարածաշրջանային թէժ օրակարգ, որուն նկատմամբ շահագրգռուածութիւնը միայն եռակողմ հրադադար ստորագրողներով չի սահմանափակուիր:

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Կիպրոսի Մէջ.  Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն  Տուաւ Լիբանանի Հայութեան  Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան
Գաղութային

Կիպրոսի Մէջ. Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն Տուաւ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան

Նոյեմբեր 7, 2025
Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նոյեմբեր 7, 2025
Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա
Գլխաւոր լուրեր

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?