Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Իր Ելոյթին Փաշինեան Յայտարարեց Շրջանի Երկիրներուն Հետ «Կառուցողական Երկխօսութեան» Պատրաստակամութեան Մասին

Սեպտեմբեր 25, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, որ պէտք է յանգեցնէ շրջանին մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին իր ելոյթին ընթացքին այս մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս առումով մենք կ՛առաջարկենք օր առաջ աւարտին հասցնել ռազմագերիներու, պատանդներու, այլ պահուող անձերու վերադարձի հոլովոյթը: Անհրաժեշտ է նաեւ վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խաղաղ հոլովոյթը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ», ըսաւ վարչապետը:

«Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար կասեցուիլ ուժի կիրարկումի միջոցով եւ տագնապը չի կրնար լուծուած նկատուիլ ուժի կիրարկումի հետեւանքով: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը սպասէ իր արդարացի լուծման: Ատիկա կը հաստատեն նաեւ համանախագահող պետութիւններու յայտարարութիւնները, որոնք կ՛ընդգծեն յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ բանակցային հոլովոյթը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:

«Կը կարծենք նաեւ, որ համանախագահներու միջնորդութեամբ իրականացուող յարաբերութիւնները կողմերուն կարելիութիւն կու տան գտնելու ընդհանուր եզրեր եւ ասպարէզ բանալ բազմաթիւ կնճռոտ հարցերու պատասխանները գտնելու համար», ընդգծեց Փաշինեան:

Յաջորդ խնդիրը, ըստ Փաշինեանի, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանագծման ու սահմանազատման հարցն է:

Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի դրութեան  խախտման, Հայաստանի քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ գերութեան մէջ պահելու ու խոշտանգելու եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ յարձակողապաշտ կեցուածքին եւ յայտարարութիւններուն մասին: Փաշինեան նշեց, որ գրեթէ ամէն օր տեղի կ՛ունենան իրադարձութիւններ, որոնց նպատակը խաղաղութեան օրակարգի օրինականացումը խանգարելն է, թշնամութեան մթնոլորտը ո՛չ միայն խորացնելը, այլեւ աւելի համակարգուած դարձնելը:

Վարչապետը թշնամութեան մթնոլորտի խորացման աղաղակող օրինակ նկատած է Պաքուի մէջ բացուած` այսպէս կոչուած աւարներու պուրակը:

 

 

 

Նախորդը

Արմէն Գրիգորեան. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պէտք Է Կարգաւորել Առանց Նախապայմաններու»

Յաջորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?