Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի երէկ` երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին քննարկեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանային իրավիճակը:
Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը «կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման մէջ»:
Գրիգորեան եւ Թրէյսի բարձր գնահատեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը` դատաիրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներու եւ փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութիւններով` մատնանշելով ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ երկու երկիրներու շարունակական համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը:



