Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Գրիգորեան. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պէտք Է Կարգաւորել Առանց Նախապայմաններու»

September 25, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը կառավարութեան նիստէն ետք անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, այդ կարգին` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւններուն: Գրիգորեան յիշեցուց, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ե՛ւ նախընտրական փուլին, ե՛ւ ընտրութիւններէն ետք խօսած է ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու դարաշրջան բանալու մասին:

«Այդ տրամաբանութեան շրջագիծին մէջ մենք նաեւ պէտք է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորենք, այդ կարգաւորումը պէտք է ըլլայ աստիճանաբար: Մենք համոզուած ենք, որ այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւններէն մէկը բարձրագոյն մակարդակի վրայ երկխօսութիւն ունենալն է:  Քաղաքական տարբեր մակարդակներով յայտարարած ենք, որ Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Արմէն Գրիգորեան նշած է նաեւ. «Հայկական կողմը բազմիցս յայտարարած է, նոյնիսկ մեզմէ առաջ` նախկին իշխանութիւններուն օրով, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորել առանց նախապայմաններու, որովհետեւ, երբ նախապայմաններ կ՛ըլլան, դժուար կ՛ըլլայ որեւէ  հարցի լուծման մէջ յառաջանալ: Եւ մենք յոյս ունինք, որ յարաբերութիւններու կարգաւորում ըլլայ առանց նախապայմաններու: Բոլոր գոյութիւն ունեցող հարցերը հետագային քննարկելի են, բայց նախապայմաններով յարաբերութիւններ սկսիլը շատ դժուար կ՛ըլլայ», ընդգծեց Գրիգորեան:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինք. Ցոյց Տանք Թշնամիին, Որ Հայը Չէ Յանձնուած. 26 Սեպտեմբերին` Ջահերով Երթ Դէպի Եռաբլուր

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Իր Ելոյթին Փաշինեան Յայտարարեց Շրջանի Երկիրներուն Հետ «Կառուցողական Երկխօսութեան» Պատրաստակամութեան Մասին

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.