Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան Կ՛աջակցի Կովկասի Մէջ 3+3 Ձեւաչափով Մեքանիզմ Ստեղծելու Գաղափարին»

November 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ամէն շաբաթեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` յառաջիկայ հաւանական հանդիպման եւ նոր փաստաթուղթերու հաւանական ստորագրութեան մասին լուրերուն, նշած է, որ տակաւին նման տեղեկութիւն չունի, եւ ղեկավարները իրենք այդ մասին պիտի յայտնեն, եթէ նման որոշում ըլլայ:

«Ներկայ պահուն մենք ամէնօրեայ աշխատանք կ՛ապահովենք արդէն իսկ որդեգրուած փաստաթուղթերու գործադրութեան համար», շեշտած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան ընդգծած է, որ 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրի տարելիցին ընդառաջ աշխատանքները կը շարունակուին բոլոր ուղղութիւններով` յիշեցնելով, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է իր հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ:

«Ջանքեր կը գործադրուին նաեւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ: Կը շարունակուին հաղորդակցութիւնները արտաքին գործոց նախարարութիւններու, պաշտպանութեան նախարարութիւններու, սահմանապահ ծառայութիւններու մակարդակով` սահմանային միջադէպերու կանխարգիլման նպատակով: Կը տեսնենք հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ ատոր յաջորդող սահմանագծման հոլովոյթի մեկնարկին առնչուող խնդիրներու համապարփակ լուծում: Եւ, ի հարկէ, աշխուժ աշխատանք կը տարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին գծով», ըսած է Զախարովա:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ «3+3» ձեւաչափը գործի դնելու մասին յայտարարութիւններուն եւ անոր վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումին` Զախարովան ըսաւ. «Մենք կ՛աջակցինք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կողմէ յառաջ մղուած գաղափարին` նման խորհրդատուական շրջանային մեքանիզմ ստեղծելու վերաբերեալ: Մենք կը կարծենք, որ ժամանակն է այս ծրագիրները գործնական հարթութիւն տեղափոխելու»:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Սի. Այ. Էյ»-ի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Տնօրէնները Մոսկուայի Մէջ Ժողով Գումարած Են

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.