ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 27-29 հոկտեմբերին իր հերթական այցելութիւնը կատարած է Արցախ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր այցելութեան ընթացքին ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ եւ ժողովներ:
Այցելութեան առաջին օրը Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Այցելութեան երկրորդ օրուան սկիզբը հանդիպում տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանին հետ: Իսկ օրուան մնացած մասը յագեցած էր ՀՅԴ կազմակերպական միաւորներու եւ շարքերուն հետ հանդիպումներով եւ ժողովներով: Նախ կայացած է հանդիպում ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան վարչութեան հետ, ապա գումարուած է ժողով` ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի յանձնախումբին հետ: Օրուան երկրորդ կիսուն տեղի ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի ընկերական ընդլայնուած ժողով` շրջաններէն Ստեփանակերտ հասած ընկերներու եւ ներկայ ու նախկին պատասխանատու մարմիններու հետ:
Այցելութեան ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի ու Բակօ Սահակեանին հետ:
Այցելութեան աւարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ ամփոփուած են հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումներու ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ընկերակցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ Արցախ կատարած այցելութեան կապակցութեամբ զրուցած է «Ապառաժ»-ը:
Անդրադառնալով հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած նիւթերուն` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ հիմնականին մէջ քննարկուած են Արցախի կարգավիճակին, անոր անվտանգութեան, ժողովուրդի տրամադրուածութեան, Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է Արցախի մէջ կատարած աշխատանքին, մասնաւորապէս տեղահանուած բնակչութեան բնակարանային ապահովուածութեան եւ անոնց ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումները Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը արդիւնաւէտ նկատեց` նշելով, որ իշխանութիւններուն հետ ունեցած տարակարծութիւնները չեն կրնար խոչընդոտել ՀՅԴ-ին` Արցախի կողքին կանգնելու, անոր ամէն գնով աջակցելու եւ սկսուած քաղաքական ու մարդասիրական աշխատանքները շարունակելու համար:
Դաշնակցութեան Արցախի համար տարուող աշխատանքները այս պահուն կ՛ընթանան չորս ուղղութիւններով: Նախ` միջազգային առումով Արցախի կարգավիճակի հարցի միջազգայնացում, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսման խթանում եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի կիրարկման ուղղութեամբ աշխատանքներ, երկրորդ` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին միջոցով Արցախի ներքաղաքական կեանքին մասնակցութիւն եւ խնդիրներու լուծում, երրորդ` ներկուսակցական առումով ներքին կազմակերպական քննարկումներ, երիտասարդութեան ներգրաւում եւ Հայ դատի աշխատանքներ, եւ վերջապէս` Արցախի համար մարդասիրական եւ նիւթական օժանդակութեան տրամադրում:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարեւոր նկատեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ շրջաններու կոմիտէներու ու պատասխանատու ընկերներու հետ հանդիպումը: Քննարկուած են Արցախի իրավիճակի, առաջնահերթութիւններու եւ ապագայ ընելիքներու վերաբերեալ շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ո՛չ միայն զեկուցած է Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակի եւ աշխարհով մէկ տարուող աշխատանքներու մասին, այլ նաեւ լսած է Արցախի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներու կարծիքներն ու առաջարկները:
Անդրադառնալով Արցախի ապագային վերաբերեալ Դաշնակցութեան տեսլականին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, որ Արցախը ըլլայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ: ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ է Արցախի` իբրեւ անկախ պետութեան կայացումը, զարգացումը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ անոր անկախութեան ճանաչումը, որմէ ետք բնականոն հոլովոյթով մայր հայրենիքի հետ վերամիաւորումը:
Ըստ անոր, ՀՅԴ-ն ո՛չ պատերազմի ընթացքին եւ ո՛չ ալ անկէ ետք դադրեցուցած է իր ամբողջ ներուժը ի սպաս դնել Արցախի եւ Հայաստանի հզօրացման:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ այդ ճգնաժամը արդիւնք է Հայաստանի իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութեան, հայրենիքը ահաւոր պարտութեան առաջնորդելուն եւ ծայրայեղ զիջումներու երթալու իրենց պատրաստակամութեան: Այս իրավիճակը ստեղծելէ բացի, Հայաստանի գործող իշխանութիւնները նպաստած են նաեւ ընդհանուր համազգային օրակարգի շուրջ հայութեան համախմբումը ապահովելու փոխարէն պառակտիչ գործունէութիւն ծաւալելուն: «Այդ պառակտիչ գործողութիւնները հիմա կ՛ուզեն տեղափոխել նաեւ սփիւռք: Ամէն ինչ կը կատարուի ատիկա դիմակայելու, այդ կործանարար քաղաքականութեան առաջքը առնելու եւ պառակտում թոյլ չտալու համար», ըսած է ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ համայն հայութեան մօտ առկայ ընկճուածութեան մթնոլորտին, որ հետեւանքն է պատերազմին կրած աղէտալի պարտութեան: Ան վստահ է սակայն, որ մեր ժողովուրդը կը վերագտնէ իր ասպետական ուժն ու վճռականութիւնը, ոտքի կը կանգնի եւ կը շարունակէ իր իրաւունքներուն ի խնդիր ազգային-ազատագրական պայքարը: