Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ռուս  Համանախագահը Այցելեց Հայաստան

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ռուս Համանախագահը Այցելեց Հայաստան

Երէկ` երկուշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2021-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նոր նշանակուած համանախագահ Իկոր Խովայեւ Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Իկոր Խովայեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները` ընդգծելով Մինսքի խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը: Իկոր Խովայեւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Արարատ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց  Ծերակուտական Մենենտեզին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Ծերակուտական Մենենտեզին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզին` շնորհաւորելով ամերիկացի օրէնսդիրը Կիպրոսի նախագահին կողմէ «Մակարիոս Գ.» կարգի «Մեծ խաչ»-ի շքանշան ստանալուն առթիւ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Մենենտեզ մեծապէս արժանի էր այդ շքանշանին` Կիպրոսի հարցին մէջ կղզիի միութեան եւ թրքական բռնագրաւումի մերժման վրայ հիմնուած իր սկզբունքային կեցուածքին համար: Հայ...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Խոչընդոտող Արգելքները Կը Մնան Անլոյծ,  Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ  Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Կը Տիրէ Զգուշաւոր Լաւատեսութիւն

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին անցեալ շաբաթավերջին տարածուեցաւ լաւատեսական մթնոլորտ մը, որուն զուգահեռ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ կառավարութեան կազմութեան մասին զարգացումներ պիտի արձանագրուին այս շաբթուան կիսուն: Կարգ մը լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր պիտի այցելէ նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` կառավարութեան կազմութեան ճիգերը վերջնականացնելու միտումով: Սակայն քիչ անց այդ...

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց  Նախարարը Կ՛ողջունէ Հայ Դատի Մարմինի  Նախաձեռնութեամբ Լիբանանցի  Մտաւորականներու Յայտարարութիւնները

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛ողջունէ Հայ Դատի Մարմինի Նախաձեռնութեամբ Լիբանանցի Մտաւորականներու Յայտարարութիւնները

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիեանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, Բաբայեան ողջունեց Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ լիբանանեան տեղեկատուական, փորձագիտական եւ ակադեմական դէմքերու կատարած յայտարարութիւնները սեպտեմբերի 2-ի առիթով: Լիբանանի Հայ դատի մարմինի նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ միջազգային գիտաժողովին մասնակցած լիբանանցի մտաւորականները անգամ մը եւս հանդէս եկան Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման...

«Միացեալ Նահանգներ Կը Խրախուսեն Մինսքի Խմբակի  Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Օր Առաջ  Բովանդակային Բանակցութիւններու Վերսկսումը»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Միացեալ Նահանգներ Կը Խրախուսեն Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Օր Առաջ Բովանդակային Բանակցութիւններու Վերսկսումը» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Միացեալ Նահանգները երկարամեայ յանձնառութիւն ունին աջակցելու Հայաստանի ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, եւ մենք կ՛ակնկալենք համագործակցութիւն ձեզի հետ` ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմանի յաւելեալ կապերու ձեւաւորման համար»: Ան նշած է,...

«Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օժանդակել`  Բազմաթիւ Մարդկային Կորուստներու Յանգեցուցած  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին  Հետեւանքները Յաղթահարելու Գործին Մէջ»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օժանդակել` Բազմաթիւ Մարդկային Կորուստներու Յանգեցուցած Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հետեւանքները Յաղթահարելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին մէջ նշանակուելու առիթով: Լը Տրիան իր նամակին մէջ նշած է. «Ձեր Երկիրը վերջին ամիսներուն բախած է անվտանգային, տնտեսական եւ առողջապահական շարք մը փորձութիւններու: Կ՛ուզեմ վերահաստատել Ֆրանսայի լիակատար աջակցութիւնը դժուարին այս փուլը անցնող հայ ժողովուրդին: «Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունին...

10 Տարի Դիւանագիտութեամբ  Բաւարարուելէ Ետք, Լիբանանեան-Սուրիական  Յարաբերութիւններու Բնականոնացման  Առաջին Քայլը Առնուած Է

10 Տարի Դիւանագիտութեամբ Բաւարարուելէ Ետք, Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Առաջին Քայլը Առնուած Է

Ճիշդ է, որ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած կենսական խնդիրներուն լուծման համար ուժեղ եւ կարողութիւններով օժտուած կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ ըլլալ յարմարագոյնը, սակայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետեւող իւրաքանչիւր անհատ կրնայ հաստատել, որ անոր ծնունդը երկրին վիճակէն աւելի անյոյս վիճակ կը պարզէ: Այս շրջագիծին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ Սուրիա` պաշտօնապէս սերտելու համար Լիբանանի մէջ տիրող ողբերգութիւնները մեղմացնելու կարելիութիւնները:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութիւնը Քու Կողքիդ Է,  Լիբանանի՛ Հայութիւն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Քու Կողքիդ Է, Լիբանանի՛ Հայութիւն»

(Հատուած` Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն) Կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հակիրճ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի ու Լիբանանի ներկայ տագնապալից կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն: Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց  Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը  Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

1 Միլիոն Տոլար Կարիքաւոր Ընտանիքներուն 4 Միլիոն Տոլար Բնակարանային Ծրագիրի Մասնակցութիւնը 4 Միլիոն Տոլարի Ֆանարի Յարկաբաժիններու Պարտքի Չեղեալ Համարում Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հանգանակութեան Ձեռնարկում Ազգային Վարժարաններու Աջակցութեան Ծրագիրի Մշակում Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՛ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Կը Հերքէ Շուշիի Ուղղութեամբ Կրակելու Մասին  Ազրպէյճանի Հաղորդագրութիւնը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Շուշիի Ուղղութեամբ Կրակելու Մասին Ազրպէյճանի Հաղորդագրութիւնը

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը այն մասին` իբրեւ թէ 3 սեպտեմբերին` ժամը կէսօրուան 1:00-էն 2:15, հայկական կողմը կրակոցներ արձակած է Շուշիի մէջ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն վրայ եւ պատասխան գործողութիւններէ ետք, կորուստներ կրելով, նահանջած է: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ասիկա ազրպէյճանական կողմի ապատեղեկատուութիւն է` նշելով, որ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խստօրէն կը յարգեն զինադադարի պահպանման դրութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու...

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է  Սահմանազատման Եւ Սահմանագծման  Աշխատանքներուն»

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է Սահմանազատման Եւ Սահմանագծման Աշխատանքներուն»

Հայաստան կը սպասէ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն վերաբերող Ազրպէյճանի արձագանգին: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: «Հայաստանը պատրաստ է սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն: Մենք այս առումով արդէն բաց յայտարարած ենք: Այս պահուն որեւէ աշխատանք չ՛ընթանար` կը սպասենք Ազրպէյճանի արձագանգին», յայտնեց Գրիգորեան: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը յոյս յայտնեց, որ Ազրպէյճան եւս դրական կ՛արձագանգէ, եւ կարելիութիւն...

Լիբանան-Քորէա Յարաբերութեանց  40-Ամեակին Առիթով.  Յ. Բագրատունի. «Երկու Երկիրները Ժառանգած Են  Դարաւոր Քաղաքակրթական Աւանդ Եւ Ժողովուրդները  Քաջ Կ՛արժեւորեն Ազատութեան, Կրթութեան  Եւ Քաղաքակրթութեան Արժանիքները»

Լիբանան-Քորէա Յարաբերութեանց 40-Ամեակին Առիթով. Յ. Բագրատունի. «Երկու Երկիրները Ժառանգած Են Դարաւոր Քաղաքակրթական Աւանդ Եւ Ժողովուրդները Քաջ Կ՛արժեւորեն Ազատութեան, Կրթութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Արժանիքները»

Լիբանանի եւ Քորէայի միջեւ բարեկամական յարաբերութեանց 40-ամեակին առիթով «Քորէական հանդիսութիւն» խորագրեալ զբօսաշրջային եւ մշակութային յատուկ փառատօնին բացումը կատարուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 3 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Քորէայի դեսպան Եունկ Տէյ Քոոնի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ հիւրերու, ներկայացուցիչներու եւ շրջանի բնակչութեան:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասնակցած լիբանանցի հանրածանօթ մտաւորականներ` թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Լէյլա Նիքոլա եւ մտաւորական ու հաղորդավար Ղասսան Շամի 2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակը շնորհաւորելով հրապարակեցին հետեւեալ գրութիւնները. Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին «Արցախի ճակատագիրն է Կովկասի մէջ, Անատոլուի մէջ եւ աշխարհի վրայ հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան...

Հարցազրոյց Յատուկ Լիբանան Գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ  Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի  Ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ  Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Հետ

Հարցազրոյց Յատուկ Լիբանան Գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Հետ

«Բոլորը Իրենց Սրտի Օժանդակութիւնը Կը Կատարեն Ամբողջ Դար Մը Բոլոր Գաղութներուն Կենսունակութիւն Տուած Լիբանանահայութեան» Անուշաւան Արք. Դանիէլեան  «Ձեռքս Ձեռքիդ Մէջ, Լիբանանահա՛յ Եղբայր» Դրամահաւաքով Կը Հաստատենք, Որ Ասիկա Մեր Պարտականութիւնն Է Հայութեան Մայր Ամրոցին Նկատմամբ» Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան  Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոչին իբրեւ ընդառաջում, Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանահայութեան համար ձեռնարկուած նուիրահաւաքին մասին յաւելեալ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակի  Բացում` Արցախի Մէջ

ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակի Բացում` Արցախի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով այսուհետեւ Արցախի մէջ կը գործէ Հայ դատի գրասենեակ: 2 սեպտեմբերին` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը, Ստեփանակերտի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակին: Ներկայ էին` Արցախի նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Կամքն Աննկուն Է,  Ու Մենք Պատրաստ Ենք Ներդնելու Մեր Ամբողջ  Կարողականութիւնը` Ի Սպաս Արցախի Դատին»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Կամքն Աննկուն Է, Ու Մենք Պատրաստ Ենք Ներդնելու Մեր Ամբողջ Կարողականութիւնը` Ի Սպաս Արցախի Դատին»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ուղերձը Արցախի անկախութեան 30-ամեակի եւ ՀՅԴ Հայ դատի Արցախի գրասենեակի բացման առիթով: «Յարգարժա՛ն հիւրեր, ընկերներ, Արցախի սիրելի՛ հայրենակիցներ, Նախ կը շնորհաւորեմ բոլորդ Արցախի անկախութեան երեսնամեակին առիթով: 1988-1994-ի ազատամարտով, հայ ժողովուրդը կարողացաւ միացեալ ջանքերով եւ արեան ու քրտինքի գնով կերտել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանայ ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականին առաջին հանգրուանը: 2020-ի աշնան Ազրպէյճանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը` Արցախի  Հանրապետութեան Հռչակման  30-Ամեակին Առիթով

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 30-Ամեակին Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահը, Ազգային ժողովը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Արդարեւ, հայրենիքի անկախութիւնը հռչակողը իր ժողովո՛ւրդն է: Հայրենիքի անկախութիւնը ամէն տեսակ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ պաշտպանողը դարձեալ իր ժողովուրդն է: Հայրենիքը հող է, պետականութիւն է, ինքնիշխանութիւն է եւ այս բոլորին խորք,...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Ուղերձը` Արցախի Հանրապետութեան 30-Ամեակին Առիթով

Սիրելի՛ հայրենակից, Երեսուն տարի առաջ Ստեփանակերտում ընդունուեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագիրը»: Պատմական այդ փաստաթուղթը հայկական երկրորդ պետութեան ծննդեան վկայականն էր: Ամրագրուեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան` իր պատմական հողում ինքնորոշուելու, անկախ պետականութիւն կառուցելու կամքը, իր իրաւունքները պաշտպանելու վճռականութիւնը: Արցախի ազատագրական պայքարում համախմբուեց համայն հայութեան ներուժը: Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան անշրջելիութիւնը վերահաստատուեց 1991 թուականի դեկտեմբերի 10-ի հանրաքուէով: Յաջորդած երեսուն տարիները պետականաշինութեան, խաղաղութիւն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի Գրասենեակի Բացումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը շնորհաւորէ ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի բացումը, որ նշանակալից կերպով կը զուգադիպէր Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան եւ կու գայ ընդգծելու յանուն գոյութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման պայքարելու վճռակամութիւնը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Արցախի անկախութեան 30-ամեակին առիթով կը շնորհաւորէ նորաբաց գրասենեակը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր աշխատանքներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը հաւատայ,...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

1991 թ. սեպտեմբերի 2-ին Արցախը միջազգային եւ ներպետական իրաւական կառուցակարգերին համապատասխան հռչակեց իր անկախութիւնը: 1988-ին սկզբնաւորուած ազգային շարժումը թեւակոխեց նոր հանգրուան: Հայ ժողովրդի միացեալ ջանքերով, արեամբ եւ զոհողութիւններով կերտուեց արցախեան յաղթական ազատամարտը: Արցախի ժողովուրդը վճռեց անդառնալիօրէն թօթափել ազրպէյճանական լուծը, ջնջել ստալինեան պարտադրուած արհեստական սահմանները ու յայտարարել, որ անկախութեան ճամփով Արցախը վերամիաւորուելու է Մայր Հայաստանի հետ: 2020 թ. սեպտեմբերին հրահրուած 44-օրեայ...

Page 350 of 797 1 … 349 350 351 … 797

Արխիւներ