Անգարայի ընդհանուր դատախազութիւնը մտադիր է հետաքննութիւն սկսիլ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան այն ղեկավարներուն դէմ, որոնք ապրիլքսանչորսեան յայտարարութեան ժամանակ օգտագործած են Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը:
Դատախազութիւնը այդ հետաքննութիւնը պատրաստած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին հիմամբ: Այս մասին «Ակունք»-ի համաձայն կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:
Թրքական լրատուամիջոցները վկայակոչած աղբիւրին համաձայն, դատախազութեան ներկայացուցած արձանագրութեան մէջ այս հետաքննութիւնը կատարելու համար արտօնութիւն կը խնդրուի Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլէն:
Արձանագրութեան մէջ նաեւ յղում կը կատարուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1948 թուականին որդեգրուած «Ցեղասպանութիւն յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ ատոր համար պատիժի մասին» ուխտին եւ կը նշուի, թէ ատիկա «չի կրնար յետադարձ ուժ ունենալ, եւ որ «ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը կարելի չէ այդ թուականէն առաջ կատարուած ցաւալի դէպքերուն վերաբերեալ օգտագործել»:
10 էջերէ բաղկացած արձանագրութեան ճիշդ 9 էջը լեցուն է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) սահմանած մարդու իրաւունքներուն վերաբերող մեկնաբանութիւններով: Արձանագրութեան մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդի ապրիլքսանչորսեան յայտարարութիւնը կը բովանդակէ «Թուրք ազգին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան ծիրին մէջ կասկածի տակ դնող արտայայտութիւններ», եւ որ «աներեւակայելի է, թէ ոեւէ անձ, ըլլալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան երեսփոխան, կրնայ այնպիսի աշխատանքներ կատարել կամ խօսքեր ու արտայայտութիւններ ունենալ, որոնք հակառակ են շահերուն այն ժողովուրդի, որուն ներկայացուցիչը կը հանդիսանան: Այդ առումով ակնյայտ է, որ տուեալ յայտարարութեան մէջ նշուած արտայայտութիւնները դէմ են թուրք ժողովուրդի ազգային շահերուն»:
Այսպիսով, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարին արտօնութիւնը ստանալու պարագային Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 26 անդամներու դէմ հետաքննութիւն պիտի սկսի` «թուրք ազգը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հրապարակաւ վարկաբեկելու» ամբաստանութեան հիմամբ: