Կիպրոսը Հայերուն Նկատմամբ Ազրպէյճանի Յարձակումները Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է
Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տունը 3 դեկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունած է «Հայերուն նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումները եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ» վերտառութեամբ բանաձեւը: Նշենք, որ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը, նկատի ունենալով Արցախի պատերազմի միամեակը եւ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող սադրանքները Հայաստանի նկատմամբ, գործակցաբար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի բարեկամներու շրջանակին, Ազրպէյճանը դատապարտող բանաձեւը պատրաստեց, որ խորհրդարան ներկայացուեցաւ...




















