Արթուր Մոսիյեան Այցելեց Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ
Այսօր կէսօրին, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ այցելեց եւ երեսփոխանական պլոքի անդամներուն հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան: Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ,Յակոբ Բագրատունի բարի գալուստ մաղթեց Արթուր Մոսիյեանին եւ ներկայացուց Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Լիբանանի մէջ տարուած աշխատանքները:Ան կեդրոնացաւ յատկապէս լիբանանցի քաղաքական դէմքերու մօտ պլոքի տարած աշխատանքներուն վրայ` լիբանանեան պետական-հանրային կարծիքին մօտ հակամարտութեան ճիշդ էութիւնը պարզաբանելու,...




















