Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Պրիւքսելի մէջ քննարկումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ազրպէյճանի հարցերով մնայուն զեկուցող Ժելեանա Զովքոյի հետ, իսկ 26 յունուարին` Հայաստանի հարցերով մնայուն զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւի հետ:
Արման Թաթոյեան ներկայացուց փաստեր ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Երասխի մէջ Հայաստանի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներուն (գողութիւններ, կրակոցներ, արօտավայրերու հրկիզում, տեսախցիկներով քաղաքացիական տուներու դիտարկում եւ այլն) մասին:
«Գորիս-Կապան եւ Կապան-Ճակատէն ճամբաները առանց որեւէ իրաւական հիմքի փակելու հետեւանքով շրջակայ գիւղերու բնակիչները կանգնած են մեկուսացման եւ մարդկային խնդիրներու առջեւ: Աւելի՛ն, ազրպէյճանցի զինուորները նշանառութեան տակ կը պահեն, այսպէս կոչուած, այլընտրանքային ճամբաները, քաղաքացիական բնակիչները, անոնց տուները: Խախտումներու վերացման իրական լուծումը ազրպէյճանցի զինուորներու հեռացումն է մեր գիւղերուն մօտերէն ու ճամբաներէն` խաղաղ բնակչութեան իրաւունքներու երաշխաւորման նպատակով», յայտնեց Թաթոյեան:
Ան նաեւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արցախի մէջ խաղաղ բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերող (գրեթէ ամէնօրեայ դարձած կրակոցները, գողութիւնները եւ այլն) Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկուցումներուն հիման վրայ:
Թաթոյեան ներկայացուց նաեւ հայ գերիներու խոշտանգումներու (նաեւ` նոր ձեւերը) վերաբերեալ զեկուցումները` նշելով անոնց վերադարձի հրատապութիւնը եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու անօրինական արարքներուն անընդունելի ըլլալը (արհեստական դատավարութիւններ, մարդոց պահելը քաղաքական ու ռազմական առեւտուրի նպատակով եւ այլն):