Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Կառուցելու Համար Կը Պահանջուի Նաեւ Ազրպէյճանի Նոյնատիպ Դիրքորոշումը»

February 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2020-ին տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող բոլոր խնդիրներու լուծման հոլովոյթը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ-ի եւ մասնաւորապէս Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջագիծին մէջ: Այս մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքի ըսաւ Աւստրիոյ եւրոպական եւ արտաքին գործոց դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկը` պատասխանելով Առաջին ալիքի լրագրողի այն հարցումին, թէ ըստ աւստրիացի նախարարին` ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ միջազգային հանրութիւնը հայ ռազմագերիները վերադարձնելու եւ միջազգային մարդասիրական կառոյցներու մուտքը Արցախի Հանրապետութիւն բանալու հարցերուն մէջ:

Ալեքսանտր Շալենպըրկի ուղերձը նիւթին առնչութեամբ այն է, որ միջազգային հանրութեան կամքը չի կրնար փոխարինել հակամարտող կողմերու քաղաքական կամքը հասնելու հիմնախնդիրի լուծման:

«Անհրաժեշտ է Պաքուի եւ Երեւանի, ազրպէյճանցիներու եւ հայերու կամքը այդ ուղիով յառաջ երթալու համար: Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ յոյսով եմ` ԵԱՀԿ-ի անունով կը խօսիմ, որ մենք պատրաստակամ ենք օգնելու, բայց դուք պէտք է ընդունիք մեր օգնութիւնը», պատասխանեց Աւստրիոյ արտգործնախարարը:

Արձագանգելով աւստրիացի գործընկերոջ մեկնաբանութեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը համաձայնեցաւ, որ ինչքան ալ միջազգային հանրութիւնը կիրարկէ իր գործիքակազմը եւ խրախուսէ կողմերը գալու համաձայնութեան տարբեր հարցերու մէջ, այնուամենայնիւ, էական է, որ նախ եւ առաջ կողմերը դրսեւորեն այդ քաղաքական կամքը: Եւ ամբողջ աշխարհն ալ տեսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է եւ իսկապէս կ՛ուզէ կառուցել խաղաղութիւն մեր շրջանին մէջ եւ լուծել բոլոր կնճռոտ խնդիրները: Բայց խնդիրը, ըստ նախարար Միրզոյեանի, այն է, որ այդ պատրաստակամութիւնը յայտնելով` Երեւանը միշտ ճիշդ հակառակը կը ստանայ պաշտօնական Պաքուէն:

Նախորդը

«Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանը Պիտի Գնահատէ Իրեն Երկարած Թուրք-Ազրպէյճանական Խաղաղութեան Ձեռքը» Կ՛ըսէ Աքար

Յաջորդը

Ակնարկ. Սենտիքայական Շարժումին Յուշումները

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.