Երէկ` երեքշաբթի, 1 մարտ 2022-ին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրեց:
Արցախի նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցին, որ նիստին քննարկուեցան Արցախի դիմաց ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:
Ճշդուեցան նաեւ յառաջիկայ ընելիքներն ու ծրագիրները:


