Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահագն Խաչատուրեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

March 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 3 մարտ 2022-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը խորհրդարանի 107 պատգամաւորներէն 71-ին թեր ձայներով` միայն իշխանաւորներուն քուէներով, եօթը տարուան ժամկէտով, վերանկախացած Հայաստանի 5-րդ նախագահ ընտրեց Վահագն Խաչատուրեանը, որուն թեկնածութիւնը առաջադրած էր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Ընտրութեան առաջին փուլին` չորեքշաբթի, 2 մարտ 2022-ին, Խաչատուրեանը չէր ընտրուած եւ կարելի չեղաւ ընտրել նախագահ, որովհետեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին նիստը: Արդարեւ, առաջին փուլին միայն 69 պատգամաւոր մասնակցեցաւ նախագահի ընտրութեան. թէեւ 69-ն ալ թեր քուէարկեցին, բայց եւ այնպէս այդ քուէները բաւարար չէին, որովհետեւ առաջին փուլով ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր առնուազն 81 թեր քուէ:

«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները 3 մարտին եւս պոյքոթի ենթարկեցին ընտրութիւնները եւ չմասնակցեցան, որովհետեւ, ըստ անոնց, նախագահի թեկնածու Վահագն Խաչատուրեան Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածուն է, եւ ընդդիմութիւնը նպատակ չունի օրինականացնելու այս հոլովոյթը:

3 մարտի նիստին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարուեցաւ, որ նախորդ օրը կարելի չեղաւ նախագահ ընտրել, ապա անմիջապէս սկսաւ երկրորդ փուլի քննարկումը:

Նիստին խօսք առաւ նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, որ յայտնելէ ետք իր երախտագիտութիւնը` իրեն տրուած քուէներուն համար, վստահեցուց, որ «բոլորը օրէնքին առջեւ հաւասար պիտի ըլլան»:

Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, որ արտակարգ ընտրութեան պարագային կը գումարուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք` 10-րդ օրը:

Նորընտիր նախագահին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս շնորհաւորեց Վահագն Խաչատուրեանի ընտրութիւնը:

Նախորդը

Ուքրանիոյ Մէջ Հայ Խաղաղ Բնակիչ Մը Զոհուած Է

Յաջորդը

«Պարտութեան Եւ Պատերազմի Խորհրդանիշ Ուժը Չի՛ Կարող Ապահովել Խաղաղութիւն» Իշխան Սաղաթէլեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.