Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Լուրերը

March 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) մշտապէս մեծ կարեւորութիւն տուած է մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու պաշտպանութեան ու պահպանման: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ԵԱՀԿ-ի լեհաստանեան նախագահութենէն` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին տեղական եւ միջազգային զեկուցումներուն ու ահազանգներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներու այդ խնդիրին առնչութեամբ հաւանական ընելիքներուն:

«ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը կը նկատէ մեր միացեալ պարտաւորութիւնը», «Արմէնփրես»-ին հաղորդած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակէն` յիշեցնելով, որ տակաւին յունիս 1991-ին` մշակութային ժառանգութեան նուիրուած Քրաքովի միջազգային գիտաժողովին, այն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւնները խոստացած էին «համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներուն համահունչ ջանքեր գործադրել մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար», ինչպէս նաեւ պարտաւորուած էին սերտօրէն համագործակցիլ կրօնական դաւանանքներու, հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ` «մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչութեամբ եւ պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել կրօնական ծագում ունեցող յուշարձաններուն ու կառոյցներուն»:

Այս ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը լիովին կ՛աջակցի կազմակերպութեան համապատասխան բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ Մինսքի խմբակի համանախագահները` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան միտուած իրենց ջանքերուն մէջ:

«Հայկական պատմամշակութային կոթողներու պահպանութիւնը ընդգրկուած եղած է (ԵԱՀԿ-ի) Մշտական խորհուրդի օրակարգին վրայ: Այս լոյսին տակ ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը լիովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի բոլոր համապատասխան կառոյցներուն, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ իր համանախագահները, համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան միտուած իրենց ջանքերուն մէջ: Ատիկա էապէս պիտի բարելաւէ ամբողջ շրջանի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ բարեկեցութիւնը, եւ պիտի ապահովէ պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը», նշուած է ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութեան պատասխան նամակին մէջ:

Լեհական նախագահութենէն զերծ մնացած են Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ Լա Հէյի միջազգային դատարանի դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը մեկնաբանելէ:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման» Շեշտեց Ապուլ Ղէյթ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Արցախ Մուտք Գործող Կազի Խողովակաշարի Խնդիրով Եւ Զինադադարի Խախտումներով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.