Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան. «Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագիրի Շուրջ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ընթանան Առանց Նախապայմաններու»

March 16, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու, երէկ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` անդրադառնալով Պաքուի հրապարակած 5 կէտերէ բաղկացած առաջարկներուն:

Միրզոյեան նկատել տուած է, որ Պաքուի առաջարկած կէտերը ամբողջութեամբ չեն արտացոլեր առկայ խնդիրներու ամբողջ օրակարգը:

Պաքուն, մասնաւորապէս, կ՛առաջարկէ ճանչնալ միմեանց հողային ամբողջականութիւնը, իրար տարածքային պահանջներ չներկայացնել, սահմանազատում իրականացնել, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել եւ բանալ փոխադրական ուղիները:

«Ինչ կը վերաբերի բուն առաջարկներուն, ապա երկու երկիրները, ըստ էութեան, տակաւին 8 դեկտեմբեր 1991-ին համատեղ ստորագրելով «Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ստեղծման մասին» համաձայնագիրը, արդէն իսկ ճանչցած են իրար տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ընդունած են, որ չունին իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներ», ըսած է արտաքին գործոց նախարարը:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ յստակ է եւ հետեւողական:

«Մենք անհրաժեշտ չենք նկատեր կրկնել այն դիրքորոշումը, որ բազմիցս յայտարարած ենք», երէկ յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հարցազրոյցին, ուր վերջինս ներկայացուցած էր Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հինգ առաջարկներուն վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումը:

«Եթէ Հայաստանը նոյնպէս լրջօրէն կը վերաբերի այս հարցին, ապա պէտք է ներկայացնէ իր որոշակի առաջարկները եւ ատով իսկ դրսեւորէ իր պատրաստակամութիւնը` սկսելու առարկայական եւ արդիւնքին միտուած բանակցութիւններ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Հանդիպում Կուսակցական Պատասխանատուներու Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.