Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Խորհրդարանի Ղեկավարը Ընդունեց Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը

March 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2022-ին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը Արթուր Թովմասեան ընդունեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը` Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հայանպաստ գործունէութիւնը` շեշտելով Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին բանաձեւի ներառման եւ Ազրպէյճանի վանտալիզմը դատապարտող բանաձեւի ընդունման առումով գրասենեակին կատարած հսկայական աշխատանքը:

Խորհրդարանի ղեկավարը անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմին ու յետպատերազմեան իրողութիւններուն, աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն, ընդգծեց համազգային օրակարգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:

Գասպար Կարապետեան մտահոգիչ որակեց Ազրպէյճանի շարունակուող սադրանքները, շեշտեց ամէն գնով արցախցին Արցախի մէջ պահելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան «Արցախի Հանրապետութիւն- Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբին կատարելիք աշխատանքները, նախանշուեցան մօտակայ ծրագիրները` կապուած Եւրոպայի մէջ Արցախի բարեկամներու ներուժը ճիշդ օգտագործելու հետ:

Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեան եւ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան:

Հանդիպում` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտին Հետ

Նախանցեալ օր` հինգշաբթի, 10 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, անվտանգային եւ մարդասիրական հիմնախնդիրները: Միտքեր փոխանակուեցան օտարերկրեայ քաղաքական շրջանակներու եւ մասնաւորապէս եւրոպական երկիրներուն մէջ ի նպաստ Արցախի աշխատանք ծաւալելու վերաբերեալ:

Հիւրերը տեղեկացուցին իրենց այցելութեան ընթացքին Արցախի պետական պաշտօնատար անձերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին:

Նախորդը

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանազատման Հոլովոյթի Մեկնարկը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարի Պահպանման Դրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.