Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը Ասկերանի շրջանի Խրամորթ, Փառուխ եւ Խնապատ գիւղերուն ուղղութիւններով` խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ օգտագործելով ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր:
«Ակնյայտ է, որ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու եւ ականանետով գիւղերը արկակոծելու հերթական փորձերը նպատակաուղղուած են առաջնահերթօրէն խուճապ յառաջացնելու հասարակութեան մէջ», նշեց նախարարութիւնը:


