Երէկ` 17 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հանդիպում ունեցած է Արցախ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանի, Գեղամ Մանուկեանի, Ելենա Կիրակոսեանի եւ Քրիստինէ Վարդանեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը:
Խորհրդարանի նախագահը ողջունած է պատգամաւորները եւ նշած, որ Արցախի խորհրդարանին մէջ մշտապէս ուրախ են հիւրընկալելու Հայաստանի գործընկերները: Ան ստեղծուած իրավիճակին մէջ կարեւոր նկատած է պատգամաւորներուն այցելութիւնը Արցախ:
Ա. Թովմասեան նշած է, որ միշտ կը հետեւի Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերուն եւ կը նկատէ, որ իշխող ուժը չ՛ընդառաջեր ընդդիմութեան, սակայն այլ է պատկերը Արցախի մէջ. Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն մեծամասնութեան տակ կը ստորագրեն խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր 5 խմբակցութիւնները:
«Այն, ինչ որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, յարիր չէ խորհրդարանին եւ գերազանցած է բոլոր չափանիշները. ե՞րբ այդ մարդիկը կանգ պիտի առնեն: Նոր օրակարգ պէտք չէ, ստեղծեցէ՛ք այդ համազգային օրակարգը` Արցախ, Հայոց ցեղապանութիւն, անվտանգութիւն: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ մեր աշխատանքային օրը կը սկսի Հայաստանի, ապա Արցախի սահմաններուն մէջ տիրող իրավիճակին ծանօթանալէ ետք: Երեւանէն Ստեփանակերտը չ՛երեւիր: Եկէ՛ք, տեսէ՛ք ձեր աչքերով, թէ ի՛նչ կը կատարուի», ըսած է Ա. Թովմասեան:
Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ թէեւ Ազրպէյճանը կը պնդէ, թէ Արցախի հարց գոյութիւն չունի, սակայն ատիկա իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի: «Գոյութիւն ունի 12000 քառ. տարածքի հարց, անոր գումարած նաեւ Շահումեանի շրջանն ու Գետաշէնը: Եթէ ասիկա մենք չբարձրաձայնենք, Ազրպէյճանն ալ պիտի պնդէ, թէ ԵԱՀԿ-ն այլեւս այստեղ ընելիք չունի», ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը:
Ա. Թովմասեան ցաւով արձանագրած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բազմաթիւ անգամներ փախցուցած է Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու յարմար նպաստաւոր պահերը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան իր կարգին ողջունած է Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը եւ ներկայ խորհրդարանականները: Ան նշած է, որ իրենց խմբակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ 2 խորհրդարաններուն միջեւ միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացումը:
Ան մտահոգիչ նկատած է Հայաստանէն ստացուող քաղաքական ուղերձները եւ Արցախի գործընկերները հրաւիրած Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի հարցով լսումներուն:
«Երկրորդելով Արցախի խորհրդարանի 3 ընդդիմադիր ուժերուն առաջարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները եւս պահանջած են Արցախ-Հայաստան միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի նիստ: Մենք հետամուտ պիտի ըլլանք, որ հարցը արագ լուծուի», իր խօսքին մէջ նշած է Ա. Խաչատրեան:
Ան աւելցուցած է, որ իրենց համար հասկնալի չէ այն սիրախաղը, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ, քանի որ մեր առջեւ այն նոյն թուրքերն են, որոնք կային 20-րդ դարասկիզբին, որոնց նպատակները մինչեւ այսօր չեն փոխուած:
«Չկայ առանձին Արցախի հարց, այլ կայ հայ ազգի հարց: Այս կողմէն կը կտրեն-կը տանին, յետոյ միւս կողմէն կը կտրեն եւ կը տանին, անոր համար կարելի չէ Հայաստանի պետական շահը տարանջատել Արցախի պետական շահէն», ըսած է Ա. Խաչատրեան:
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորները նշած են, որ այսօր ասյտեղ են ցոյց տալու համար, որ պիտի աշխատին միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ եւ իրենց ներդրումը պիտի ունենան այդ հոլովոյթին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանն ալ իր կարգին կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները:
«Թէեւ շատ կարեւոր են այսպիսի հանդիպումները թէ՛ խմբակցութիւններու, թէ՛ յանձնախումբերու մակարդակով, սակայն միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի ձեւաչափը ամէնէն կարեւոր ձեւաչափն է հաստատութենական առումով, ուր կրնանք քննարկել ազգային օրակարգերը, եւ մեր ու ձեր կողմէ պէտք է լուրջ աշխատանքներ տարուին այս ուղղութեամբ», ըսած է Ա. Յարութիւնեան:
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները
Այցելած Են Խրամորթ Եւ Խնապատ Համայնքներ
Երէկ` 17 մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Գեղամ Մանուկեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Ելենա Կիրակոսեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանի ընկերակցութեամբ այցելած են Արցախի Ասկերանի շրջանի սահմանամերձ Խրամորթ եւ Խնապատ համայնքներ:
Պատգամաւորներուն միացած է Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Համլեթ Ասրեան: Պատգամաւորները Խրամորթ եւ Խնապատ համայնքներու ղեկավարներուն հետ խօսած են առկայ խնդիրներու մասին, տեսակցած գիւղացիներուն հետ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնած թշնամիի դիտարկման ներքեւ ապրող մարդոց:


