Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Որոշած Է Բողոքել Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Դէմ

March 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններուն հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որ ուղարկուած է Եւրոպական խորհրդարան: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ խստօրէն կը դատապարտուի Եւրոպական խորհրդարանի «կանխակալ» բանաձեւը, որ «բացայայտօրէն կ՛աջակցի յարձակողական անջատողականութեան, նաեւ կը փորձէ իրաւական նշանակութիւն հաղորդել ազրպէյճանական պատմական, կրօնամշակութային ժառանգութեան հայկականացման»:

Յայտարարութեան համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթը պատրաստուած է «հայկական լոպիիստական խումբերու ազդեցութեամբ, չ՛արտացոլացներ իրական վիճակը, կը բովանդակէ հայերու կեղծ պնդումներ` պատմակրօնական, ինչպէս նաեւ շիրմաքարերու հանդէպ ազրպէյճանական կողմի իրական վերաբերմունքի լոյսին տակ»:

«Պետական յանձնախումբը անգամ մը եւս վճռականօրէն դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանի` հայկական աղբիւրներու վրայ հիմնուած կանխակալ տեղեկութիւն տարածելու փորձերը եւ կոչ ուղղած է ապագային առարկայական բանաձեւեր որդեգրելու», նշած է ԱՓԱ-ն:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը 10 մարտին 635 թեր, 2 դէմ եւ 42 ձեռնպահ քուէարկութեամբ որդեգրած էր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը բուռն կերպով դատապարտող բանաձեւ մը, որ նաեւ կը դատապարտէր Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէր` հրաժարելու առաւելապաշտական նկրտումներէն: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը տակաւին լուծուած չէ, եւ որ անիկա պէտք է յստակացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը նկատեց այդ երկրին մէջ պետական մակարդակով տարուող, համակարգուած հայատեաց քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս:

 

 

Նախորդը

Ռուսիան Կ՛ողջունէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման Ձեռնամուխ Ըլլալու Երեւանի Եւ Պաքուի Քայլերը

Յաջորդը

Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններու Պահանջով Հրատապ Քննարկում Արցախի Մէջ Մարդկային Իրավիճակի Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.