Կիներու Մասնակցութեամբ Երթ` Յանուն Հայաստանի Եւ Արցախի
Երէկ` կիրակի, 8 մայիս 2022-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնները խուզարկութիւններու սկսած են Արմավիրի մարզի ՀՅԴ գրասենեակներուն մէջ: Դաշնակցութեան անդամներէն ոմանց բերման ենթարկած են եւ իրաւապահ մարմիններու վատագոյն աւանդութիւններուն համաձայն «գործ կը կարեն»: Մեր երկու ընկերները արդէն կալանաւորուած են: Անոնք երկուքն ալ երեք պատերազմներու մասնակից են:
Իսկ երէկ Աշտարակէն առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեկնարկեց «Դիմադրութեան» շարժման ինքնաշարժներով երթը դէպի Գիւմրի, ուր ժամը 13:00-ին տեղի ունեցաւ հանրահաւաք:
Հոռոմի խաչմերուկին վրայ խումբ մը քաղաքացիներ փակեցին ճամբան` փորձելով «Դիմադրութեան» շարժման անդամներուն արգիլել մեկնիլ Գիւմրի:
Գիւմրիի մէջ իր ելոյթին ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յիշեցուց այս իշխանութիւններուն դիրքորոշումը գերիներու խնդիրին մասին. «Կը յիշէ՞ք` ըսին, մեր տղաները չեն նեղանար, որ մէկ-երկու ամիս աւելի մնան Պաքուի բանտերուն մէջ»:
Ան նշեց, որ իշխանութիւնները յայտարարած են, գերիներու հարցը կը նկատուի փակուած, իսկ հիմա այդ մարդոց դժբախտութիւնը կ՛ուզեն շահարկել, կը փորձեն զանոնք ալ խաբել:
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքին մասնակիցները:
Հանրահաւաքը եզրափակեց Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան. «Վաղը` մեր յաղթանակի օրը, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է տեսնէ, թէ յաղթող ժողովուրդը ինչպէս կ՛ըլլայ»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձած է Գիւմրիի հանրահաւաքին. «Հակառակ իշխանական բոլոր սադրանքներուն, այս պահուն Գիւմրիի մէջ բազմահազարնոց հանրահաւաք կայ: Հայաստանը ոչ միայն արթնցած է, այլեւ ոտքի կը կանգնի», գրած է ան:
Իսկ 7 մայիսի երեկոյեան մեկնարկեց «Դիմադրութեան» շարժման հերթական հանրահաւաքը, որուն ներկայ էին օրուան ընթացքին անհնազանդութեան զանազան ցոյցեր, երթեր եւ մարզային ինքնաշարժներով երթեր իրականացուցած քաղաքացիները:
Հանրահաւաքը սկսաւ համերգային ծրագիրով, ապա ելոյթներ ունեցան 44-օրեայ պատերազմին հերոսաբար զոհուած Հայկազ խաչատրեանի հայրը, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեանը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց օրուան նշանաւոր իրադարձութիւնները` Լոռիի մարզին մէջ իրականացուած ինքնաշարժներով երթը, Ապարան եւ Սպիտակ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, Վանաձորի մէջ բազմամարդ հանրահաւաքը, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած կիներու եւ աղջիկներու երթը:
Այնուհետեւ Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքի մասնակիցները հրաւիրեց երթի: Երթէն ետք քաղաքացիները կրկին վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակ` շարունակելու հանրահաւաքը:
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներով երթը շարժեցաւ յառաջ: Երթի ընթացքին կը հնչէին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր, հայրենասիրական երգեր:
Քայլերթին միացած էր Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւս:
Երթի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց միանալու այս սրբազան պայքարին:
«Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Պայքար», «Պայքար» վանկարկումներով քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:
«Դիմադրութեան» շարժման բողոքի քայլերուն շրջագիծին մէջ` 7 մայիսին Ֆրանսայի հրապարակէն մեկնարկեց բազմահազարնոց երթը` բացառապէս կիներու եւ աղջիկներու մասնակցութեամբ: Երթը կը կրէր` «Յանուն խաղաղութեան, յանուն մեր երկրի անվտանգութեան, յանուն մեր երեխաներուն, յանուն մեր զոհուած տղաներուն ու վաղուան ապահով Հայաստանի, Արցախի» խորագիրը:
«Միացում, պայքար, յաղթանակ», «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Արցախ», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով, յաղթական երաժշտութեան հնչիւններու ներքեւ քայլերթը շարժեցաւ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն:
Երթին կը մասնակցէին Հայաստանի Ազգային ժողովի կին պատգամաւորներ, մշակոյթի գործիչներ, «Դիմադրութեան» շարժման աջակիցներ, զոհուած զինուորներու մայրեր, քոյրեր:
Կիները Ֆրանսայի հրապարակէն երթով շարժեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ, այնուհետեւ` Պարոնեան փողոց, ուր կանգ առին` յարգելու Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին կողմէ մահացու արկածի ենթարկուած Սոնա Մնացականեանի յիշատակը:
«Ասիկա թող ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին սպանութիւնը», ըսաւ երթը համակարգող կիներէն մէկը: