Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից Միութիւնները Յուշագիրով Մը Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

Մայիս 19, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Հայ դատի մարմինը, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնները, «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնն ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը չորեքշաբթի, 18 մայիս 2022-ին` յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ յանձնեց հետեւեալ յուշագիրը, որով անոնք իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի մէջ «Դիմադրութեան» շարժումին ու կը պահանջեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Ստորեւ` նամակին ամբողջութիւնը: 

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան,

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ հնչող իրերայաջորդ յայտարարութիւնները, Սիւնիքի մարզին մէջ Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ զիջելու քայլերը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ «նշաձողը իջեցնելու», իմա` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքէն ու Արցախի Հանրապետութեան անկախութենէն հրաժարելու խիստ վտանգաւոր հարցի քննարկումի մասին վկայող արտայայտութիւնները չեն կրնար չգրգռել թուրք-ազրպէյճանական չարիքի առանցքի ախորժակը:  Վկայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յստակ ու աներկբայելի յայտարարութիւնները:

Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած գոյութենական վտանգի պայմաններուն մէջ հիմնարար սկզբունքներէն եւ տարածքներէն զիջումները չեն կրնար խաղաղութիւն ապահովել. այդպիսի քաղաքականութիւն մը եւ մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմին մէջ պարտութիւն կրելով անձնատուր եղած ըլլալուն պատճառով արտաքին քաղաքականութեան մէջ խիստ խոցելի ու տկար դիրքի վրայ եղող իշխանութիւն մը ո՛չ իր յայտարարած նպատակը` «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի հաստատումը, ո՛չ ալ հայրենիքի, անոր պետութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան ու փայլուն ապագայի ապահովումը կրնայ իրագործել:

Ներկայ կացութիւնը չի կրնար Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, Արցախի եւ արցախահայութեան նկատմամբ արդար մտահոգութիւն չյառաջացնել:

Մեկնելով այս բոլորէն` կը զօրակցինք Հայաստանի մէջ «Դիմադրութեան» շարժումին ու կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն ու 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան խարանէն զուրկ իշխանութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ արտաքին քաղաքականութեան մէջ աւելի քան հրամայական եղող նոր էջ մը բանալ եւ աւելի ամուր ու ոչ պարտուողական դիրքերէ վարել Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները, եւ այդպիսով իսկական «խաղաղութեան դարաշրջան» եւ ոչ թէ անդառնալի կորուստներու եւ համաթուրանական դարաշրջան հաստատել:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

12 մայիս 2022
Պէյրութ, Լիբանան

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Համաժողովին Մասնակից Հոգեւոր Պետերը` Եգիպտոսի Նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին Մօտ

Յաջորդը

Ակնարկ. Նորընտիր Խորհրդարանը` Նոր Ոդիսականի Շեմին

RelatedPosts

«Հայութեան Համար Արցախը Մահու  Եւ Կենաց Խնդիր Է». ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայութեան Համար Արցախը Մահու Եւ Կենաց Խնդիր Է». ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Օգոստոս 9, 2022
Խմբագրական.  Աւելի Բարենպաստ Ժամանակներ` Սահմանագծումի Համար  (Սեւրի Դաշնագիրին 102-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Աւելի Բարենպաստ Ժամանակներ` Սահմանագծումի Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 102-Ամեակին Առիթով)

Օգոստոս 9, 2022
Նախագահ Աուն Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձին  Վերաբերող Ծրագիր Մը
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Ծրագիր Մը

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In