Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը իր ժողովուրդին, իրեն հաւատարիմ հայորդիներուն հաւատքին, պատրաստակամութեան եւ իրեն նկատմամբ անոնց տածած վստահութեան մէջ կայացած է միշտ: Ասիկա վաղեմի իրականութիւն մըն է, որ, բարեբախտաբար, անգամ մը եւս պայծառ արեւու նման երեւցաւ երէկ, երբ մեծաթիւ լիբանանահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց ձայնը տուին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:
«Ազդակ»-ի թղթակիցները կարճ զրոյցներ ունեցան լիբանանահայ ընտրողներուն հետ` ընտրական տարբեր կեդրոններ եւ ՀՅԴ-ի ակումբներ կատարած շրջագայութեան ընթացքին: Քաղաքացիի եւ ազգային նկարագիրի տէր անձի ամբողջական գիտակցութեամբ օժտուած լիբանանահայերը հաստատեցին, որ իրենք խորհրդարանին մէջ կ՛ուզեն տեսնել մնայուն կերպով իրենց հետ եւ իրենց թեւ ու թիկունք հանդիսացած Դաշնակցութեան թեկնածուները, որոնց ճամբով պիտի զօրանայ հայկական ներկայութիւնը Լիբանանի համայնքային խճանկարին մէջ եւ լսելի պիտի դառնայ անոր ձայնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցներուն հիմնականները:
Թէեւ ընտրութիւնները 15 մայիսին տեղի ունեցան, սակայն մենք արդէն 6 ամիսէ ի վեր նախապատրաստական լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք տարինք, եւ ատոր պտուղն է, որ քաղեցինք այսօր: Մեր ժողովուրդը տակաւին կը շարունակէ հաւատարիմ ըլլալ իր կուսակցութեան, ակումբին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ բաւական լաւ ընդառաջում կար:
Ասոր զուգահեռ պէտք է մատնանշենք նաեւ, որ ապրեցանք որոշ յուսախաբութիւններ, որովհետեւ կարգ մը հայորդիներ, որոնց կողքին կանգնած էինք միշտ, մերժեցին իրենց քուէն տալ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն: Ասոնք շատ աննշան թիւ կը կազմեն, սակայն ցաւ ի սիրտ կան նմաններ, որոնց խիղճը եւ գիտակցութիւնը այլ ուղղութեամբ կը գործէ:
Հետաքրքրական եւ տպաւորիչ է այլ երեւոյթ մը, որ շրջանի բնակիչները բողոքի հեռաձայններ կատարեցին ակումբ` դիտել տալով, որ ուշացած ենք իրենց կապուելու, ճշդելու իրենց ընտրելիք վայրը եւ համապատասխան դասաւորումները ընելու: Նմաններուն ըսինք, որ ակումբը իրենց տունն է, ուր գալու եւ մեզի դիմելու համար ոչ մէկ հրաւէրի կարիք կայ:
Մեր շրջանին մէջ շատ բարձր թիւերով ընտրակաշառքի առաջարկներ կան, անոնք հասան նոյնիսկ 800 տոլարի, սակայն բարեբախտաբար եւ հպարտութեամբ կ՛ըսենք, որ մեր թաղեցիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընտրակաշառք ստանալէ շատ հեռու է, իսկ անոնք, որոնք ընդունեցին իրենց քուէն ծախել, անոնք դաշնակցական չեն, ո՛չ ալ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան հաւատացող համակիր, որովհետեւ անոնք ամենայն պարտաճանաչութեամբ եկան ու քուէարկեցին:
Արշակ Նալպանտեան
«Ռոստոմ» Կոմիտէ (Հայաշէն)
Մեր ժողովուրդը այսօր ամբողջ օրը եկաւ ակումբ, ստացաւ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ մեր տղոց հետ գնաց ընտրական կեդրոններ` քուէարկելու: Մեր հայորդիները մեզի չեն մերժեր ընդհանրապէս, այս անգամ ալ չմերժեցին, նոյնիսկ որոշ տատամսումներ ունեցողները համոզուեցան ի վերջոյ, որ իրենց ձայնը պէտք է տան Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, որպէսզի հայութիւնը իր զօրութիւնը պահէ Լիբանանի մէջ:
Դժբախտաբար մեր վստահուած անձերուն արտօնագիրները չէին եկած առաւօտեան, հետապնդեցինք այս հարցը, աւելի ուշ անոնցմէ որոշ մաս մը հասաւ, սակայն միւսները չհասան: Անոնք այլ աշխատանքներ ստանձնեցին եւ կը կատարեն:
Տիգրան Պէօճէքեան
«Նիկոլ Դուման» Կոմիտէ
Այսօր բոլորս ներկայ ենք հոս, նաեւ ամէն տեղ, ուր մեր կարիքը կայ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ միասին` ձեռք-ձեռքի կրնանք յաջողութեան հասնիլ եւ ընտրական հոլովոյթը իր լաւագոյն լրումին հասցնել: Գիտենք, որ մեր կուսակցութիւնը կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը, կը պահպանէ հայ գաղութը, ուստի մենք հոս ենք` դաշնակցական ընտանիքին հետ: Յոյսով ենք, որ այս ընտրութիւնները նաեւ իրենց դրական անդրադարձը կ՛ունենան Լիբանանի վրայ, որ վերջին տարիներուն բաւական ծանր վիճակ ապրեցաւ, որպէսզի կարենանք աւելի լաւ ապագայ կերտել:
Երիտասարդ Կամաւոր Մը
«Սերոբ Աղբիւր» Ակումբ
Իսկապէս մենք այսօր շատ ուրախ ու գոհ ենք, մեր ժողովուրդը շատ լաւ թիւով ներկայացաւ, շատ խանդավառ է, բոլորն ալ իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն: Անշուշտ կան անհատներ, որոնք նիւթական կամ այլ պատճառներով իրենց անձն ու խիղճը ծախած են, սակայն մեծամասնութիւնը, որոնք մեր շրջանէն հայորդիներ են, մեր ցանկերուն վրայ են իրենց անունները, արդէն ներկայացան եւ գացին ընտրելու:
Շատ մեծ սխալ ըրին անոնք, որոնք չմասնակցեցան այս ընտրութիւններուն, քանի որ Լիբանանի մէջ հայութիւնը արաբներու նման չէ, մենք ունինք մեր հայկական էութիւնը, ստիպուած ենք ատիկա պահելու, ուստի իւրաքանչիւր հայու պարտքն է մասնակցիլ այս քուէարկութեան, որպէսզի այս երկրին մէջ հայկական էութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը պահպանուին:
Սիլվա Սաղըրեան
«Անահիտ» Ակումբ (Մար Եուսեֆ)
Այսօր եկած եմ իմ ազգային պարտականութիւնս կատարելու, քուէարկելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն, որովհետեւ այս կուսակցութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը իմ արեանս մէջ է, ես հոն եմ, ուր Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ ինք ալ միշտ մեզի հետ եղած է, մեր կողքին կանգնած է, երբ դիմած ենք իրեն, նոյնիսկ երբ չենք դիմած` իբրեւ ապաւէն ու պաշտպան: Այսօր ալ մենք ուրիշ բան չենք կրնար ընել, բացի Դաշնակցութեան կողքին կանգնելէ եւ մեր զօրակցութիւնը գործնական կերպով դրսեւորելէ:
Անի Գալայճեան
Քուէարկող
Մեծ ուրախութեամբ քուէարկեցի Յակոբ Բագրատունիին, որովհետեւ երբ մենք որեւէ բանի կարիք ունեցած ենք, մեր կուսակցութիւնը մեր կողքին եղած է, մենք երբեք նեղի մէջ չենք մնացած բոլոր պայմաններուն տակ եւ բոլոր ժամանակներուն, որովհետեւ ՀՅԴ-ն ներկայութիւն եղած է մեր կեանքին մէջ: Ասիկա ազգային պարտականութիւն է, պարտք է Դաշնակցութեան նկատմամբ:
Անի Մոսքոֆեան
Քուէարկող
Իբրեւ լիբանանցի ամէն բանէ առաջ պէտք է մասնակից ըլլանք այս ընտրութիւններուն եւ քաղաքացիի մեր պարտականութիւնը կատարենք, ինչպէս որ դաստիարակուած ենք, իսկ իբրեւ հայեր մեր պարտքն է մեր իրաւունքները պաշտպանելը, իսկ մեր իրաւունքներու լաւագոյն պաշտպանը մեր մայր կուսակցութիւնը` Դաշնակցութիւնն է, հետեւաբար մենք քուէարկեցինք ՀՅԴ-ին, մեր ձայնը անոր է անկասկած, որպէսզի մեր շահերը պաշտպանուին անոր առաջադրած թեկնածուներուն միջոցով: Այս երկիրը համայնքային երկիր է, իսկապէս հայութիւնը ներկայացնող մեր երեսփոխանները կոչուած են պաշտպանելու մեր իրաւունքները:
Քուէարկող Հայորդի
Մենք նախորդ տարիներուն բաւական դժուար օրեր ապրեցանք` իբրեւ լիբանանցիներ, որովհետեւ Լիբանան բազում հարցերու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնեցաւ, բայց եւ այնպէս այս բոլորը պէտք չէ մեզ շեղեն այն իրականութենէն, որ մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, պէտք է մեր քաղաքացիական ու ազգային պարտականութիւնը կատարենք եւ մեր քուէն տանք Դաշնակցութեան: Ասիկա ո՛չ միայն պարտականութիւն է, այլ մեր պատկանելիութեան իրաւունքն է. ամէն հայորդի, լիբանանցի այս մէկը ընելու պարտաւոր է, որպէսզի հայութիւնը փաստէ եւ ցոյց տայ, որ մենք թիւ ենք, այլապէս մենք աթոռ պիտի չունենանք խորհրդարանին մէջ: Նախապէս ունէինք 7 աթոռ, յետոյ նուազեցաւ 4-ի, ասիկա անընդունելի է: Անընդունելի են այն բոլոր դատարկաբանութիւնները, թէ մարդիկ ոչինչէ օգտուած են, ուստի չեն ուզեր ձայն տալ եւ այլն:
Փաստօրէն, միշտ ալ հայութիւնը լաւագոյնս ներկայացուած է Դաշնակցութեան թեկնածուներուն ճամբով, այս անգամ ալ նոյնը պիտի ըլլայ:
Լիզա Տէր Խաչատուրեան – Պասթաճեան
Այնճարի մէջ այս երկար ընտրական օրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն: Ընտրութիւններու աշխատանքին մէջ պարտականութիւն ունեցող բոլոր յանձնախումբերուն անդամները, որոնց թիւը միջին հաշուով կը գնահատուէր 200-280 հոգիի միջեւ, առաւօտեան ժամը 6:00-ին հաւաքուեցան «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն եւ առիթ ունեցան միասին նախաճաշելու, նախքան իւրաքանչիւրին իր պարտականութեան ուղղուիլը:
Պէտք է ըսել, որ աշխատանքները բաւական լաւ նախապատրաստուած էին. բոլոր սնտուկներուն ներկայացուցիչները, բոլոր ցանկերը, բոլոր թաղապետներուն օգնական խումբերը, որոնք ընտրութեան սենեակէն դուրս կը կենային, կեդրոնին մէջ գիւղերուն անուանացանկերը ստուգող բոլոր մեր ընկերներն ու հայրենակիցները, մատակարարման եւ սպասարկման ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի եւ երեք տիկնանցներու անդամուհիները, կամաւոր ԼԵՄ-ականները եւ երէց պատանիները գործի լծուած էին:
Շատ բնական կերպով ժամը 7:00-ին սնտուկները բացուեցան, եւ քուէարկութիւնը ընթացք առաւ: Պարտականութեան վրայ եղող բոլոր հայրենակիցներն ու ընկերները, նախքան իրենց գործի անցնիլը, քուէարկեցին` ընթացքը դիւրացնելու համար: Օրը շատ հեզասահ ընթացաւ, եւ ամէն ինչ բնականոն էր` առանց որեւէ միջադէպի կամ դժուարութեան:
Պէյրութ ապրող եւ Այնճար քուէարկող մեր հայրենակիցները «Շաղզոյեան» կեդրոնէն, խումբ մը մեր ընկերներու օժանդակութեամբ, եկան Այնճար, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ բնակող ընտանիքներ` տուեալ շրջանի կոմիտէութիւններուն օժանդակութեամբ եւ կարգադրութեամբ, հասան Այնճար` այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
Կէսօրին, Զահլէի երեսփոխանական աթոռի թեկնածու, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան այցելեց «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն եւ Այնճարի ընտրական ամբողջ 15 սնտուկներու կեդրոնները: Ան հանդիպեցաւ նաեւ բոլոր կեդրոններուն մէջ կամաւոր աշխատողներուն հետ: Ըսեմ, որ Այնճարի մէջ մեր քուէարկութեան սնտուկները կը գտնուէին ՀՄԸՄ-ի, քաղաքապետարանի, աւետարանական վարժարանի, Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ կաթողիկէ վարժարանին մէջ: Կային կեդրոններ, ուր կը գտնուէին մէկէ աւելի սնտուկներ:
Աւելի կարեւորը այն է, որ այս կեդրոնը ազգայնաշունչ մթնոլորտի մէջ կը գործէ այսօր: Հոս խանդավառութիւն կայ, կան ժողովուրդ եւ կամաւորներ: Բոլորը համոզուած են, որ այս անգամ գոնէ մենք աւելի յոյս ունինք յաղթելու:
Յոյսով եմ, որ այս բոլոր աշխատանքները իրենց տրամաբանական արդիւնքը կը գտնեն, եւ Ճորճ Պուչիքեան կ՛ընտրուի Պեքաայի երեսփոխան` հայ առաքելական աթոռի, Զահլէի ընտրաշրջանէն:
Եսայի Հաւաթեան
«Կարմիր Լեռ» Կոմիտէ
Առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսանք մեր նախապատրաստական աշխատանքներուն: Ժամը 7:05 ունեցանք մեր առաջին քուէարկողը, որ Մեթնի շրջանին մէջ քուէարկեց: Հերթաբար հայորդիները սկսան գալ, մենք ուղղեցինք զանոնք դէպի քուէատուփեր, ապա վերադարձուցինք իրենց բնակարանները, սակայն այդ բոլորին կողքին մենք ունինք յաւելեալ աշխատանք, որովհետեւ մեր ակումբին շատ մօտ քուէատուփ մը տեղադրուած է այս տարի, քանզի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Շարլ Հելուի մէջ քուէատուփ չկայ, հետեւաբար կ՛ուղղէինք բոլոր անոնց, որոնք կեդրոնը չէին գիտեր` քուէարկելու յօգուտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Ընտրութեան ընթացքը ընդունելի է եւ խախտումներ համարեա՛ չկան:
Հայկ Թապաքեան
«Քրիստափոր» («Տիգրան Ծամհուր»)
Աշխատանքը շատ լաւ ձեւով ընթացաւ: Հակառակ մեզի դէմ ուղղուած այս կամ այն ցեխարձակումին, մեր ժողովուրդը չէ ազդուած: Մեր ժողովուրդին զաւակները նո՛յն ոճով, անցեալին պէս, կը շարունակեն իրենց կեցուածքը` հաւաքականութեան ու միասնականութեան հաւատալով: Իսկ գործի ընթացքին առումով, կան կարգ մը դժուարութիւններ, բայց այնուամենայնիւ գործը պէտք եղած ձեւով կը կատարուի: Պիտի փորձենք մինչեւ ժամը 4:00-5:00 առաւելագոյն թիւը ապահովել:
«Սարդարապատ» ակումբի պարագային, մենք ամէն մէկ թաղամասի մէջ ունինք տղաք, որոնք կ՛օժանդակեն երթեւեկի եւ տարեցներու տեղափոխման: Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որ առաւելագոյն ձեւով հասնինք անոնց եւ իրենց տունին դիմացէն առնենք:
Րաֆֆի Պալապանեան
«Սարդարապատ»
Եկած եմ իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս կատարելու Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ:
Կարեւոր է, որ այսօր ամէն հայ իջնէ եւ քուէարկէ, որպէսզի մենք մեր ինքնութիւնը հաստատենք եւ փաստենք, որ հոս ենք, պիտի մնանք: Լիբանանը ո՛չ միայն իրենց է, այլ նաեւ` մերը:
Կարեւոր է, որ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուները հասնին խորհրդարան, որպէսզի մեր ձայնը լսելի դառնայ այնտեղ:
Մաքօ Ունճեան
Թէեւ դժուարութեամբ իջայ տանս շէնքի աստիճաններէն, դանդաղ կը քալեմ, սակայն չէի կրնար հոս չըլլալ, որովհետեւ եթէ ես չկատարեցի իմ պարտականութիւնս, միւսը տունը մնաց, ուրիշ մը չուզեց իր հանգիստը խանգարել, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք նեցուկ կանգնիլ մեզի ծառայած, միշտ մեզի հասած կուսակցութեան: Մեր պարտքն է ասիկա կատարել, թէկուզ դժուար ըլլայ ատիկա ընելը:
Ովսաննա Կարապետ Պասմաճեան
(Երէց Մայրիկ Մը)
Ամէն հայ ստիպուած է մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն` մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Ամէն մարդ գիտէ, որ այս երկրին մէջ ամէն ինչ համայնքային է, երբ մենք որեւէ միջավայրի մէջ կը մտնենք, որեւէ բանակցութեան կամ ժողովի մասնակցինք, մեր համայնքը լաւագոյնս ներկայացնողներն են, որ մեր խօսքը լսելի կը դարձնեն հոն, մեր շահերուն տէրը կը կանգնին:
Մի՛ մոռնաք, որ երկար տարիներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը տիրական ներկայութիւն է այս երկրին մէջ, մեր համայնքին մէջ, ինչքա՛ն աշխատած է լիբանանահայութիւնը պաշտպանելու, պահպանելու ի խնդիր: Ուստի իւրաքանչիւր հայ ո՛չ միայն ստիպուած է քուէարկելու, այլեւ ստիպուած է Դաշնակցութեան տալու իր հայու ձայնը:
Թաղապետ Ռոպեր Գայսերլեան
Փոքրուց գիտեմ, որ Դաշնակցութիւնն է, որ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը, այդպէս սորված եմ ծնողներէս, երբ չափահաս դարձայ, այդ մէկը տեսայ ու շօշափեցի, երբ կարիք ունեցայ նեցուկի, ատիկա ապրեցայ փորձառութեամբ, ուստի այսօր առանց երկմտանքի ձայնս տուի հայութեան իսկական ներկայացուցիչին, որուն վստահած է Դաշնակցութիւնը:
Քուէարկող
Մեր նուազագոյն պարտքն է գալ եւ մեր ձայնը տալ, որովհետեւ ճակատագրական վիճակ կը տիրէ երկրին մէջ, իսկ մեզմէ կ՛ակնկալուի մասնակից դառնալ այս կացութենէն դուրս գալու առումով, թէկուզ որոշ աննշան տոկոսով: Մենք ամբողջական վստահութիւն ունինք Դաշնակցութեան, անոր առաջադրած թեկնածուներուն, գիտենք, որ եթէ առիթը տրուի, անոնք իսկապէս մեր հաւաքական շահերը պիտի պաշտպանեն: Այս բոլորին լոյսին տակ ալ` մեր քուէն Դաշնակցութեան Է:
Րաֆֆի Պէքարեան
Մեզի համար` իբրեւ հայեր, Դաշնակցութենէն բացի այլ ներկայացուցչութիւն չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ պատմութիւնը ասիկա ցոյց կու տայ, լիբանանեան իրականութեան մէջ մեր կեանքը ատիկա փաստած է: Լիբանանահայուն համար մնայուն հոգատար եւ օժանդակ եղած է Դաշնակցութիւնը, ուստի միշտ ալ պիտի գիտակցինք, թէ պէտք է այս կուսակցութեան հետ ըլլալ:
Փոլին Ազնաւուրեան
Մենք Դաշնակցութենէն բացի ոչ ոք ունինք մեզ ներկայացնելու, ճիշդ ճամբան միշտ ալ եղած է կուսակցութեան ճամբան, անիկա երբեք յուսախաբ չէ ըրած մեզ ոչ մէկ ժամանակ, այսօր ալ այդպէս է, ուստի մեր նպատակն է զայն տեսնել յաջողած եւ յաղթած:
Մամիկ Մը
Ինչպէս որ վստահ եմ` ամէն շրջանի մէջ, մեր շրջանին մէջ ալ աշխատանքը շատ լաւ ձեւով ընթացան: Ժողովուրդը խանդավառ է, հակառակ ամէն դժուարութեան, նախորդ օրերուն նման ժողովուրդը կ՛ընդառաջէ մեր կոչին, եւ խնդիրներ ընդհանրապէս չկան:
Այս արշաւը կուսակցութեան համար չէ, այլ հայութեան, ուստի բոլորս պարտաւոր ենք քուէարկել` մեր ձայնը լսելի դարձնելու համար:
Յովիկ Պիլէմճեան
«Ռուբէն» Ակումբ
Կարեւոր են այս ընտրութիւնները հայութեան համար: Մեր թեկնածուներն են, որոնք պիտի դառնան մեր տէրն ու տիրականը խորհրդարանին մէջ:
Գօգօ Էքիզեան
«Ռուբէն» Ակումբ
Ժողովուրդը պէտք չէ լսէ աջէն-ձախէն եկած վատ խօսքերն ու սուտ ամբաստանութիւնները եւ անոնց պատճառով մէկդի քաշուի: Պէտք է իջնէ ընտրակեդրոն եւ բաց ճակատով քուէարկէ յօգուտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Կուսակցութիւնը մերն է եւ միշտ մեր կողքին:
Հայուհի Մը
Ընտրական օրուան նախապատրաստական աշխատանքները սկսան շաբաթ կէսօր եւ շարունակուեցան մինչեւ կիրակի առտու, երբ արդէն ժամը 6:30-էն սկսեալ ակումբի ամբողջ կազմը պատրաստ էր ընդունելու եւ ընտրակեդրոններ առաջնորդելու մեր հայրենակիցները:
Կոմիտէութիւնը գումակային խնդիրներ չունեցաւ, բացի թաքսիներու պակասէն, ատոր պատճառն ալ քուէարկել ուզող քաղաքացիներուն շատ բարձր թիւն էր առաւօտեան կանուխ ժամերուն:
Այս ընտրութիւններուն արդիւնքները փաստը պիտի ըլլան մեր գոյութեան: Մենք պիտի փաստենք, որ լիարժէք իրաւունքներով քաղաքացիներ ենք Լիբանանի մէջ: Այս ընտրութիւններուն դրական արդիւնքները դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր ազգային գործին վրայ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը խիղճով եւ ազգային գիտակցութեամբ պիտի մօտենայ այս ընտրութիւններուն: Կը յուսանք, որ մեր ժողովուրդը չխաբուի բաժնուող նիւթական օժանդակութիւններէն, որոնց գինը սուղ պիտի վճարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:
Վիգէն Գուճանեան
«Շուշի» (Ռաուտա)
Ընտրական աշխատանքները բնականոն ընթացան: Պէտք է շեշտել, որ այս ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը` Լէյլաւանի եւ Պաուշրիէի մէջ, նախորդ ընտրութիւններէն դրական աճ արձանագրած է: Շրջանին մէջ առաւօտեան ժամը 7:00-էն ընտրական աւանդական մթնոլորտ կը տիրէ: Աշխատանքին կը մասնակցին ո՛չ միայն կուսակցականները, այլ նաեւ համակիրները: Կը տիրէ ժողովրդային մթնոլորտ մը, որուն կարօտը ունէինք ամէն իմաստով: Այս դրական մթնոլորտը արդիւնք է նախորդ տարիներուն Դաշնակցութեան տարած ծառայողական մեծածաւալ աշխատանքներուն, որոնք առաւել եւս ամրապնդեցին ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապը:
Կը յուսանք, որ այս ընտրութիւնները առիթ կը հանդիսանան, որ ժողովուրդը վերահաստատէ իր վստահութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ: Բնականաբար նաեւ կը յուսանք, որ այս ընտրութիւններուն արդիւնքը ի նպաստ մեր ազգային կառոյցներուն կ՛ըլլայ: Բայց պէտք է շեշտել, որ այս ընտրութիւնը փուլ մըն է պարզապէս. ինչ ալ ըլլան արդիւնքները, երկուշաբթի մեր աշխատանքները սովորականին նման պիտի շարունակուին:
Րաֆֆի Տէմիրճեան
«Է. Ակնունի» (Ֆանար-Պաուշրիէ)
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն շրջանի կուսակցականներն ու համակիրները լծուած էին ընտրական աշխատանքի: Կանխատեսուած թիւերէն շատ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ իրենք ինքնակամ ներկայացան ակումբ, որպէսզի ստանան իրենց կտրօնները եւ ուղղուին քուէակեդրոն:
Պէտք է նշել, որ բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք խոստացած էին քուէարկել Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, յարգեցին իրենց խոստումը: Ասիկա ապացոյց է ժողովուրդ-Դաշնակցութիւն փոխադարձ վստահութեան եւ այն հաւատքին, որ ժողովուրդը ունի ՀՅԴ-ին հանդէպ:
Ալեք Պուերի
«Գարեգին Նժդեհ»
Ինչպէս ուրիշ շրջաններ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ընտրութեան օրուան նախապատրաստական աշխատանքները սկսան շաբաթ օրէն եւ շարունակուեցան մինչեւ կիրակի առտու:
Կոմիտէութիւնը հաշմանդամութիւն ունեցող հայրենակիցներուն համար տրամադրեց յատուկ ինքնաշարժներ, ինչ որ իր կարգին դիւրացուց ժողովուրդին փոխադրութիւնը դէպի ընտրական կեդրոններ: Քաղաքացիներուն ընկերակցեցան շրջանի պատանիներն ու ԼԵՄ-ականները:
Մեր ժողովուրդը շատ գիտակից է եւ կ՛արժեւորէ այս կուսակցութիւնը: Կրնայ ըլլալ, որ պայմաններու բերումով ժողովուրդ-Դաշնակցութիւն կապը թուլցաւ, բայց «Քորոնա» ժահրին ստեղծած պայմաններէն ետք այդ կապը վերստին ամրապնդուեցաւ, երբ Դաշնակցութիւնը կանգնեցաւ իր ժողովուրդին կողքին: Այսօրուան պարզած պատկերը լաւագոյն փաստն է այս փոխադարձ վստահութեան:
Մարիա Կիրակոսեան – Յարութ Յարութիւնեան
«Աղբալեան» Կոմիտէ
Այն հայրենակիցները, որոնք խոստացած էին իրենց քուէն տալ Դաշնակցութեան, կատարեցին իրենց խոստումը, ուղղուեցան քուէակեդրոն:
Հետաքրքրական էր այն երեւոյթը, որ Դաշնակցութենէն ինչ-ինչ պատճառներով նեղացած քաղաքացիներ վերջին երկու օրերուն իրենք ինքնակամ կապուեցան ակումբ եւ յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` քուէարկելու Դաշնակցութեան թեկնածուներուն: Այս կը նշանակէ, որ մեր ժողովուրդը լաւապէս կը գիտակցի, թէ որո՛նք են զինք ներկայացնողները խորհրդարանին մէջ: Բարեբախտաբար, մեր ժողովուրդին մօտ ազգային գիտակցութիւնը շատ բարձր է:
Րաֆֆի Մեսրոպեան
«Մարուխեան» Կոմիտէ
Մեր կեդրոնին մէջ աշխատանքները ընթացան բնականոն կերպով: Ասիկա ցուցանիշ է, որ Դաշնակցութիւնը շատ կազմակերպուած նախապատրաստական աշխատանք տարած է: Այս աշխատանքին մասնակցեցան ո՛չ միայն կուսակցականները, այլ նաեւ համակիրներ, որոնք կամաւորաբար ներկայացան ակումբ եւ առաջարկեցին օժանդակել ընտրական աշխատանքին: Մեր համակիրներուն մօտ կայ ազգային բարձր գիտակցութիւն:
Արին Չէքիճեան
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններուն, ժողովուրդը անգամ մը եւս ընդառաջեց Դաշնակցութեան կոչին: Այս կը նշանակէ, որ ժողովուրդը հաւատք ունի Դաշնակցութեան նկատմամբ եւ կը վստահի անոր որոշումներուն:
Պօղոս Պոզոյեան
«Մարուխեան» Կոմիտէի Կեդրոններէն Մին
Ընտրութիւններէն դուրս, որպէսզի լաւապէս նկարագրեմ ժողովուրդ-Դաշնակցութիւն գոյութիւն ունեցող այն ամուր կապը եւ փոխադարձ վստահութիւնը, ձեզի ըսեմ, թէ ի՛նչ եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Պայթումէն անմիջապէս ետք հայերը վազեցին ակումբ: Անոնք, որոնք վիրաւոր էին կամ օժանդակութեան կարիք ունէին, եկած էին առաջին օգնութիւն ստանալու ակումբին մէջ: Կային նաեւ անոնք, որոնք փութացած էին ակումբ` օգնելու օժանդակութեան կարիք ունեցողներուն: Ահա այսպէս է կապը ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան միջեւ:
Խօսելով գնուած ձայներուն մասին, ըսենք հետեւեալը. կան անոնք, որոնք առտու արթնցան եւ գացին քուէարկեցին, կան նաեւ անոնք, որոնք գացին քուէարկեցին, բայց յետոյ պիտի արթննան:
Կան նաեւ քաղաքացիներ, որոնք ինքնակամ ներկայացան Ճիւնիի ակումբ եւ ուզեցին երթալ ու քուէարկել Դաշնակցութեան թեկնածուներուն: Նոյնիսկ անոնք, որոնք չքուէարկեցին Դաշնակցութեան, պէտք եղած պարագային պիտի գան ակումբ, որովհետեւ բոլորը գիտեն, որ Դաշնակցութիւնը միշտ իր ժողովուրդին կողքին է:
Րաֆֆի Կէօվօղլանեան
Ճիւնի Ակումբ