17 մայիսի կանուխ առաւօտէն «Դիմադրութեան» շարժումը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր կատարեց Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ:
Փակուեցան բազմաթիւ փողոցներ, խաչմերուկներ: Երթեւեկը կաթուածահար եղաւ: Փողոցներ փակեցին նաեւ ո՛չ միայն «Դիմադրութեան» շարժման անդամները, այլ նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ: Խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւններուն միացան նաեւ վարորդները:
Քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր կուտակուեցան, անոնք` բռնի ուժ գործադրելով, անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցի մասնակիցներ, որոնց կարգին անչափահասներ ու երէցներ, բերման ենթարկեցին: Երեւանի տարբեր հատուածներէն ոստիկանութեան բաժիններ տարուեցան 417 քաղաքացիներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ «Դիմադրութիւն» շարժման նախաձեռնութիւններուն. «Երեւանը կանգնած է: Աւելի քան 50 փողոցներ միաժամանակ փակ են: Ու այդ թիւը անընդհատ կ՛աւելնայ: Սիրելի՛ քաղաքացիներ, իջէ՛ք փողոց, միացէ՛ք ձեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Մեր գործը արդար է, ու ճիշդ ուղղութեամբ կը յառաջանանք: Միասին` մինչեւ յաղթանակ», ըսաւ ան:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած հանրահաւաք Ֆրանսայի հրապարակին վրայ: Խօսքեր արտասանեցին արցախեան երեք պատերազմներու մասնակից Գէորգի Արեստակէսեան, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներուն ծնողներն ու հարազատները, որոնք անդրադարձան Փաշինեանի դէմ ներկայացուած յանցագործութեան մասին հաղորդման մանրամասնութիւններուն: Անոնք դատախազութենէն եւ քննչական կոմիտէէն պահանջեցին Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 299-րդ յօդուածով քրէական գործ յարուցել Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ: Պահանջեցին նաեւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Ջհանգիրեանի հրաժարականը:
Օրուան դէպքերուն անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ շուրջ 60 խումբ ժամը 8:00-էն 11:30 շրջափակեցին փողոցները, կասեցուցին երթեւեկը, կաթուածահար ըրին մայրաքաղաքը եւ ցոյց տուին, որ ժողովուրդն է իրադրութեան տէրը:
Ան նշեց, որ Հայաստանի նորանկախ պատմութեան մէջ նման դէպք չէ եղած ցարդ` 3,5 ժամուան ընթացքին բերման ենթարկուեցան 414 հոգի, բայց խորքին մէջ այդ թիւը մօտ է 600-ի: Ան տեղեկացուց, որ այդ օրէն Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կը տեղադրուի ամօթի պատ, որուն վրայ կը տեղադրուին նկարները այն բոլոր ոստիկաններուն, որոնք ապօրինութիւններ կը գործադրեն ցուցարարներուն նկատմամբ:
Ապա Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքին մասնակիցները հրաւիրեց երթի` Բաղրամեան-Պռոշեան պողոտայով: «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներով երթը ընթացք առաւ: Հնչեցին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր, հայրենասիրական երգեր:
Երթը պահ մը կանգ առաւ կառավարական առանձնատուներուն մօտ: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ բազմահազար քաղաքացիներ միացուցին բջիջայինի լոյսերը եւ բռունցքները պարզած միաձայն գոչեցին` «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»:
Ապա երթը կրկին հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր շարունակուեցաւ հանրահաւաքը: «Այս օրերուն իշխանութիւնն ու անոր սպասարկուները կը փորձեն ժողովուրդը մոլորեցնել` ըսելով, որ Ազրպէյճանի հինգ առաջարկներուն պատասխանած են վեց առաջարկերով: Կը փորձեն ժողովուրդը մոլորեցնել, թէ կը պաշտպանեն Արցախի շահերը, սակայն իրականութեան մէջ կրկին ժողովուրդէն գաղտնի գործարք կը կատարեն», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` շեշտելով, որ իշխանութիւնը կը ստէ, կը մերժէ յստակ ըսել, թէ չի պատկերացներ որեւէ լուծում, ուր Արցախը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Սաղաթէլեան նշեց, որ 18 մայիսին եւս պիտի շարունակուին անհնազանդութեան ցոյցերն ու շարժումները:


