Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տանֆրիտ-Պայրամով Եւ Տանֆրիտ-Միրզոյեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ

July 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Քերըն Տանֆրիտ կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, անոնք քննարկած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն լիարժէք կատարման կարեւորութիւնը:

Պայրամով ներկայացուցած է Պաքուի «յայտնի դիրքորոշումը» շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ յառաջընթացի ապահովման վերաբերեալ, ներառեալ հաղորդակցութիւններու բացումը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններու սահմանազատումը, ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրին վրայ աշխատանքի մեկնարկը:

Տանֆրիտ նոյն օրը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք քննարկած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Միրզոյեան իր զրուցակիցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին զարգացումները:

Անդրադարձ կատարուած է շրջանային փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հոլովոյթին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբերու աշխատանքներուն:

Միտքեր փոխանակուած են շաբաթ, 16 յուլիսին վրացական կողմի հիւրընկալութեամբ Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը կը շարունակէ կարեւոր նկատել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան եւ համանախագահող երկիրներու դերը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Ղեկավարը` Երեւանի Մէջ. «Ռուսիան Ունի Բաւարար Ուժեր Եւ Միջոցներ` Դժուար Պահերուն Իր Դաշնակիցներն Ու Ընկերները Պաշտպանելու Համար»

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութեան Համար Ընդունելի Չէ Արցախի Իրաւունքներէն Որեւէ Նահանջ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.