Ուրբաթ, 15 յուլիս 2022-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը, որուն ընթացքին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արմէն Գրիգորեանի յիշատակը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Արմէն Գրիգորեան սպաննուեցաւ այս իշխանութիւններուն ձեռքով, անոնց կամակատար քննիչին, դատաւորին եւ դատախազին անմիջական մասնակցութեամբ: «Այն մարդիկ, որոնք զաւթած են Հայաստանի իշխանութիւնը, կը շարունակեն խոնարհիլ թշնամիին դիմաց, կզել, սպասարկել թշնամիին օրակարգին, իսկ երկրին մէջ սպաննել հայերը, բանտարկել, ճնշել, կալանաւորել, հետապնդել բոլոր անոնք, որոնք պայքարած են եւ կը պաշտպանեն Արցախը, Հայաստանը եւ հայ մարդու անվտանգութիւնը», նշեց ան:
Երթը շարունակուեցաւ դէպի Երեւանի Կեդրոնի դատարան:
Հասնելով այնտեղ, քաղաքացիները դատարանի աստիճաններուն ծաղիկներ խոնարհեցին եւ մոմավառութիւն կատարեցին Արմէն Գրիգորեանի յիշատակին:
Ֆրանսայի հրապարակին հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:
Յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 21 յուլիսին, 19:30-ին:
Աւելի ուշ, շաբաթ, 16 յուլիսին «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց ցաւակցագիր-հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Արմէն Գրիգորեանի մահուան:
Ցաւակցագիրին մէջ նշուած էր.
«Երէկ դատական նիստի դահլիճում մահացաւ արտադրիչ Արմէն Գրիգորեանը:
Մայիսի 17-ից Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) միջնորդութեամբ կալանաւորուած Արմէն Գրիգորեանը վարչակարգի, երկրում օրըստօրէ ամրապնդուող բռնատիրութեան հերթական զոհն է:
Ազատ խօսքն ու քաղաքական այլակարծութիւնը կալանքներով ու բռնաճնշումներով լռեցնող իշխանութեան համար իրաւունքը, մարդու արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնները ոչինչ են:
Բարոյականութեան, օրէնքի, պարզապէս մարդկային խղճի հետ աղերս չունեցող իշխանութեան պատուէրով միայն կարելի է բացատրել նաեւ անազատութեան մէջ գտնուող Արմէն Գրիգորեանին քրէակատարողական հիմնարկում տեսակցութիւնից զրկելը:
Բարոյական եւ ֆիզիքական խոշտանգումն այլ կերպ չի լինում: Նրա մահը մեղքի եւ պատասխանատուութեան հասցէ ունի` պատուէր տուողների եւ այն իրականացնողների իշխանական նեղ շրջանակ:
Արմէն Գրիգորեանը խիզախաբար, հայ մարդու, հայ քաղաքացու անմնացորդ նուիրումով պայքարում էր մեր արժանապատուութեան, արդարութեան, հայրենիք ու պետականութիւն ունենալու համար, գերութեան մէջ գտնուող իր եղբայրների ազատութեան համար:
Նրա ներկայութիւնը միշտ լուսաւոր էր, համոզիչ ու վարակիչ:
Արմէն Գրիգորեանը վստահաբար հայրենիքի համար մեր պայքարի թանկ զոհերից է:
Ցաւակցում ենք Արմէն Գրիգորեանի ընտանիքին, հարազատներին, գաղափարական ընկերներին` նրա անժամանակ եւ ողբերգական մահուան կապակցութեամբ: Նրա յիշատակը կը մնայ մեր բոլորի սրտերում` աւելի ամրացնելով մեր պայքարի ճշմարտութիւնը:




