«Դիմադրութիւն» շարժումը երէկ` երեքշաբթի, 19 յուլիսին, ի պաշտպանութիւն ապօրինի ձերբակալուած քաղաքական բանտարկեալներուն բողոքի ցոյց կատարած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան դիմաց, ապա երթով շարժած դէպի կառավարութեան շէնք:
Երթին մասնակիցները բարձրացուցած էին «Նիկոլ մարդասպան», «Նիկոլ դաւաճան», «Բանտը Նիկոլի տեղն է», «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներուն», «Քաղաքական հայեացքները դատավճիռ չեն» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:
«Ցոյցին նպատակը ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան մօտ մեր ձայնը բարձրացնելն է Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու, ապօրինի անազատութեան մէջ պահուող անձերու վերաբերեալ: Այս ընթացքին շուրջ 5 տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներ եղած են Հայաստանի մէջ», ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ յայտարարեց ՀՅԴ անդամ Սեւակ Նազարեան:
Ցոյցի աւարտին, մասնակիցները քաղաքական բանտարկեալներուն վերաբերող պաստառները փակցուցին ՄԱԿ-ի գրասենեակի մուտքի ճաղավանդակներուն եւ երթով շարժեցան դէպի կառավարութեան շէնք:
Կառավարութեան շէնքին մօտ մեծ թիւով ոստիկաններ կեցած էին:
ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ իրենց պահանջն է, որ ՄԱԿ-ը իր յստակ դիրքորոշումը արտայայտէ Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումներուն նկատմամբ, որպէսզի այս իշխանութիւնը չկարենայ ամէն անգամ հպարտանալ, արդարանալ, թէ իրենց վրայ միջազգային որեւէ ճնշում չկայ:
Կառավարութեան շէնքին մօտ ցոյցի ժամանակ ընդդիմադիր պատգամաւորները պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:





